Միջազգային դատարանի միջանկեալ որոշումը` Պաքուին պարտաւորեցնելու Բերձորի միջանցքով քաղաքացիներու եւ բեռներու երկու ուղղութեամբ ազատ տեղաշարժը ապահովելու, կարելի է իրաւական հարթութեան վրայ առաւել նկատել հայկական կողմին համար: Մանաւանդ որ միաժամանակ մերժուած է Ազրպէյճանի դիմումը նոյն դատարանին, ուր Հայաստանը կը մեղադրուէր Արցախն ու յարակից տարածքները ականապատելու յանցանքով: Այս պահանջը ըստ էութեան կը հիմնաւորէր Ազրպէյճանի կողմէ միջանցքի փակման գործողութիւնները:
Հայկական կողմը բողոքի դիմումը կատարած է ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային հռչակագիրին ներքեւ: Միջազգային դատարանին ընդունումը, բողոքը այդ յօդուածին ընդառաջ քննարկելու, կը նախանշէ արցախեան հակամարտութեան էութեան ընդգծումը: Հակամարտութիւնը եւ անոր հետեւանք Բերձորի փակումը առանցքայնօրէն ցեղային (էթնիք) խնդիր է: Այս ընդգծումը կատարեց նաեւ պատերազմի դադրեցման համար միջնորդի դիրքերէ հանդէս եկող Մոսկուան: Մոսկուայի արծարծած տրամաբանութիւնը այն էր, որ իր խաղաղապահ առաքելութիւնը արցախեան գօտիին մէջ հրամայական է` կանխարգիլելու համար ցեղային զտումի գործողութիւնները:
Միջանցքի փակումին դէմ այս հարցին քննարկումը ընդունելով հիմա միջազգային ընտանիքին արդարադատութեան բաժանմունքը ըստ էութեան կ՛ազդարարէ հակամարտութեան ցեղային բնոյթ ունենալը: Ազրպէյճանցիները Բերձորի միջանցքը փակելով կը կիրարկեն ցեղային զտումի քաղաքականութիւն Արցախին դէմ:
Առաջին հայեացքով տեսանելի է համատեղելիութիւն ռուսական եւ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշումներուն կամ հարցի ընկալման մօտեցումներուն մէջ: Կայ սակայն կարեւոր երանգային տարբերութիւն, որ քաղաքական հակոտնեայ դիրքերու մասին կը խօսի:
Կարդացեք նաև
Միջազգային դատարանը յղում կը կատարէ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան եւ կը յիշեցնէ, որ այնտեղ կայ պայմանաւորուածութիւն Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժի ապահովման: Նախ եւ առաջ այս մէկը 9 նոյեմբերի օրինականութեան ճանաչում է եւ ատով իսկ նաեւ ռուսական միջնորդութեան ընդունումը: Բայց նաեւ ռուսական երաշխաւորութիւնը այդ բոլորի գործադրութեան:
Միջազգային դատարանը միջազգային ընտանիքին, ՄԱԿ-ին արդարադատութեան բաժանմունքն է: Վերադառնանք այն տեսութեան, որ չկայ զուտ իրաւականութիւն. կայ իրաւաքաղաքականութիւն:
9 նոյեմբերի յայտարարութեան յղում կատարելով միջազգային դատարանը ըսել կ՛ուզէ, որ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը չի յաջողիր կատարել իր պարտաւորութիւնը: Չի յաջողիր կանխարգիլել ցեղային զտման Պաքուի քաղաքականութիւնը: Հետեւաբար իր որոշումներու գործադրութեան համար ի պահանջեալ հարկին կրնան անհրաժեշտ նկատուիլ այլ ուժեր:
Մոսկուան պիտի աշխատի արագացնել Բերձորի միջանցքի բացումը` կանխարգիլելու համար այլոց ներգրաւուածութիւնը. մինչ Անգարան եւ Պաքուն պիտի փորձեն առաւելագոյնս օգտագործել այս խաղաթուղթին շահարկումը բոլոր ուղղութիւններով:
Իրաւական այս որոշումին քաղաքական ենթաբնագիրը կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի մէջ ռուսական գործօնին. աւելի ճիշդը` զայն փոխարինելու հեռանկարին:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում