ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ օր Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին առիթով նամակներ յղեց Լիբանանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Նետերլանտներու, Շուէտի, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ դեսպաններուն:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ ներկայացնելէ ետք արցախահայութեան Հայաստանին միանալու խաղաղ շարժումին Ազրպէյճանի բիրտ ու վայրագ հակազդեցութիւնն ու Արցախի` 1991-ին Խորհրդային Միութեան ներքին օրէնսդրութեան ու անկախ պետութիւն հաստատելու միջազգային օրէնքին համահունչ սկզբունքներու հիմամբ անկախութիւն հռչակելով Կովկասի մէջ ազատութեան ու ժողովրդավարութեան փարոս դառնալը` նշեց, որ 1994-ին ստորագրուեցաւ Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ եռակողմ զինադադար մը, որ վերջինիս կողմէ շարունակաբար խախտուեցաւ: Այդ խախտումներուն ամէնէն նկատառելի օրինակները ապրիլ 2016-ի քառօրեայ պատերազմն ու 2020-ի 44-օրեայ պատերազմն էին:
Հայ դատի մարմինը նշեց, որ 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուեցաւ նոր զինադադար մը, սակայն ազրպէյճանական կողմը շուտով վերադարձաւ իր սովորութեան եւ սկսաւ զայն ոտնահարել, մասնաւորաբար երբ 12 դեկտեմբեր 2022-ին փակեց Բերձորի միջանցքը:
«Աւելի քան յստակ է, թէ Պաքուն վստահութեան արժանի չէ, եւ այժմ կը կիրարկէ բռնի տեղահանման անուղղակի քաղաքականութիւն մը` բացայայտ կերպով ոտնահարելով Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային ուխտը», յայտնեց մարմինը:
Կարդացեք նաև
Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն ուշադրութեան յանձնեց, որ հայերու նկատմամբ ատելութիւնը, խտրականութիւնն ու ոճիրը Ազրպէյճանի մէջ պետական քաջալերանք եւ հովանաւորութիւն վայելող քաղաքականութիւն մըն է, որուն ամէնէն յայտնի օրինակներէն մէկը 2004-ին Հունգարիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի հովանաւորութեամբ դասընթացքի մը ընթացքին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովն է, որ ո՛չ միայն Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ներումի արժանացաւ, այլ նաեւ պաշտօնի բարձրացում ու բազմաթիւ վարձատրութիւններ ստացաւ:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը դեսպաններուն յայտնեց, որ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդը երբեք չի կրնար մաս կազմել պետութեան մը, որուն նպատակը անոր բնաջնջումն է, ուստի դեսպաններու երկիրներու կառավարութիւններուն կոչ ուղղեց` իր պատմական հողին վրայ բնակող արցախահայութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգին լոյսին տակ ճանչնալու Արցախի անկախութիւնը` հիմնուելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:
ՀՅԴ