Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Միրզոյեան առիթը չօգտագործեց Թուրքիայում բառ մը արտասանելու Բերձորի ճամբուն փակման մասին. «Հայրենիք»

Փետրվար 25,2023 10:07

Սրընթաց, կարծէք թէ շտապ օգնութեան ուղղաթիռի մը սլացքով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անցեալ շաբաթ հասաւ Անգարա, երբ Թուրքիա դեռ ինքզինք չէր վերագտած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, երբ տակաւին դիակներ դուրս կը բերուէին փլատակներու տակէն, երբ բազմաթիւ այլ երկիրներէ հասած մասնագէտներու կողքին, Հայաստանէն ժամանած փրկարարներն ալ, բազմազբաղ, օրն ի բուն կը գործէին կեանք մը փրկելու համար, հետզհետէ չքացող յոյսով (անտեղի է այս գծով Երեւանի օժանդակութիւնը քննադատելը, որովհետեւ պատահածը բնութեան բերած կործանումն էր)։

Այո՛, արագ եղաւ Երեւանի կողմէ՝ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակի տեսակցութիւնն ու յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխատանքներու զարկ տալը։ Անմիջապէս նշենք, որ յարաբերութիւն եզրը ունի երկու կողմի միջեւ բան մը ընելու իմաստ, մինչդեռ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ հազիւ, թէ կարելի է երկու կողմ տեսնել…:

Պահ մը թեթեւամիտ ու միամիտ ձեւանանք եւ հարց տանք. արդեօք Անգարա իսկապէս ձեռք պիտի երկարէ՞ր Երեւանի, ապա, Մարգարայի սահմանին բացման կողքին՝ խօսք հասկցնէր կամ հարհանգէ՞ր իր հլու կամակատարին՝ Պաքուի, որպէսզի ան ալ վերցնէ Արցախի շրջափակումը։ Միրզոյեան, դիւանագիտութեան «տիտան» մը, առիթը չօգտագործեց բառ մը արտասանելու Բերձորի ճամբուն փակման մասին: Աւելի՛ն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, թէ Մարգարայի ճամբուն բացման կողքին, համատեղ ջանքերով պիտի նորոգուի նաեւ երկու երկիրները միացնող՝ հազար ու մէկ եկեղեցիներուն նման կիսափուլ, ժամանակին «մետաքսի բանուկ ճամբայ» նկատուած Անիի կամուրջը․․․։

Արցախի կապակցութեամբ միակ աննշան ու անուղղակի յայտարարութիւնը, որ Չաւուշօղլու կատարեց, հետեւեալն էր․ «Մենք պէտք է պահպանենք այս համերաշխութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Կրկին, մենք շատ կը գնահատենք այս մարդասիրական գործելակերպը, որ կը նպաստէ նաեւ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին»։ Խոստովանինք: Այս արտայայտութեան մէջ Արցախի մասին ակնարկութիւն մը տեսնելու համար, կը կարօտինք կատարելագործուած մանրադիտակ մը:

Վերադառնանք: Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարը պատուիրակութեամբ մը ժամանած էր Անգարա, որուն մաս կը կազմէր հայ-թուրք խօսակցութիւններու ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ներկայ եղաւ ալ պատուիրակութեամբ մը, որուն մաս կը կազմէր հայ-թուրք խօսակցութիւններու Անգարայի ներկայացուցիչ Սարտար Քըլըճը։
Ուրեմն անհատական չէր ժամացոյցի դէմ մրցումը, այլ խմբային։ Իսկ յաղթակա՞նը. հետեւութիւն ընելը շատ դիւրին է. երբ ո՛չ մէկ խօսակցութիւն կը կատարուի աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր պաշարուած Արցախին մասին, Արցախ մը՝ որ 35 տարի առաջ տարբեր ձեւով՝ առանց մուրալու, այլ խիզա՛խօրէն կը պայքարէր․․․։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728