1.- Հայ-թրքական դարաւոր կնճիռը (յետայսու՝ Կնճիռ) ցարդ մնացած է անլոյծ։
2.- Նոյն Կնճիռը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Հայահաւաք-Հողահաւաք, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում, կամ Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի ստեղծում՝ Սեւրով ու Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի սահմաններով։ Ասոնք նոյն այս Կնճիռի լուծման տարբեր բանաձեւումներն են։
3.- Արցախի ազատագրումը (90-ականներուն) ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ այս Կնճիռի արդար լուծման ուղղութեամբ առնուած քայլ։
4.- Արեւմուտքը, մեծ հաշուով ու ներկայ տուեալներով, համամիտ չէ այս լուծումին, որովհետեւ ի՛նք եւս ունի պատասխանատուութիւն Հայաստանի կենսունակ ապագային նկատմամբ (ի շարս այլ պատճառներու)։ Հոս կը նոյնանան Թուրքիա-Ատրպէյճան-Արեւմուտք եռանկիւնին շահերը։
Կարդացեք նաև
5.- Նոյն այս եռանկիւնն էր, որ տարբեր ժամանակներու ընթացքին՝ տարբեր դերակատարութիւններով, փորձեց խափանել այս Կնճիռին արդար լուծումը։
ա.- Հայաստանի մէջ ԼՏՊ-ի միջոցով Հ.Յ.Դաշնակցութեան դէմ հալածանքներով (92էն սկսեալ),
բ.- 1996-ին նոյն ԼՏՊ-ի «յաղթանակ»-ին զօրակցելով,
գ.- Հոկտեմբեր 27 կազմակերպելով՝ տեղական իր գործիքներուն միջոցով,
դ.- Մարտի 1-ով եւ ապա 2016ին ՊՊԾ-ի գունդին գրաւման քայլերով, եւ վերջապէս՝
ե.- 2018-ի իշխանազաւթումը կազմակերպելով։
10.- Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Արեւմուտք եռանկիւնը թիւ 9-ի լիակատար երաշխիքները տուած է նիկոլենց։
ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ,
Հայ քաղաքական ընտրանին (նիկոլենք բնականաբար ասոր մէջ չկան) ծանրակշիռ որոշում տալու հրամայականին դիմաց կանգնած է այսօր։ Այս որոշումը կ՚առնչուի հայութեան լինելիութեան, նոյնիսկ ֆիիզիքական գոյութեան։ Ինչքան շուտ՝ այնքան լաւ։
Մնացած հեքիաթներով մի՛ զբաղիք։
Վաչէ Բրուտեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: