ՔԵՍԱՊ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ՄՕՏ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱՐԱԾՔՆ Է
Այսօր երեկոյեան տեղի ունեցած երկրաշարժային յետցնցումէն ամէնէն շատ ազդուած է Քեսապը։
Ցնցումը ուժգին եղած է։ Բնակչութիւնը դուրս եկած է բնակարաններէն, ապաստանելով ակումբին կամ իրենց ինքնաշարժներուն մէջ։
Արդէն իսկ 6 Փետրուարի երկրաշարժին վնասուած Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կրկին վնասուած է։
Կարդացեք նաև
ՀԱԼԷՊԻ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ. «ՎԵՐՋԻՆ ՅԵՏՑՆՑՈՒՄԻՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ԶՈՀԵՐ ՉԿԱՆ»
Հալէպի նահանգային խորհուրդի ղեկավար Մուհամմէտ Հիճազի «Ուաթան անլայն»-ին յայտնեց, որ վերջին ցնցումին հետեւանքով զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած, սակայն վախի ազդեցութեան տակ ոմանք ուշագնաց եղած են եւ անմիջապէս բժշկական օգնութիւն ստացած։
Ճիշդ չէ այն տեղեկութիւնը, թէ Հալէպի կարգ մը շրջաններու մէջ մէկէ աւելի բնակելի շէնքեր փուլ եկած են։ Փուլ եկած են Պոսթան Փաշայի եւ Հիւլլիկի մէջ երկու անբնակ շէնքեր, որոնք 6 Փետրուարի երկրաշարժին վնասուած եւ պարպուած էին բնակիչներէ։