Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

«Մեր ձեռքերը Հայաստանի եւ Արցախի մեկնելու փոխարէն, այժմ Հայաստանն է որ իր օգնութեան ձեռքը կ’երկարէ մեզի»

Փետրվար 16,2023 23:30

Լուիզա Ճանպազեան

Աստուած մեր ապաւէնն ու զօրութիւնն է… Հետեւաբար պիտի չվախնանք՝ թէեւ երկիրը փոխուի, ու լեռները երերան եւ ծովուն մէջտեղը ձգուին, թէեւ անոր ջուրերը գոռան ու խռովին, լեռները ցնցուին անոր ուռնալով։ Սաղմոս 46. 1-3

Հազիւ պատերազմի արհաւիրքէն ուշքի եկած եւ աննախադէպ տնտեսական տագնապով ճնշուած Սուրիահայ մեր գաղութը կանգնած է նոր աղէտի մը առաջ՝ անողորմ երկրաշարժը։ 2023 թուականի Փետրուար 6-ին, տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 4։17-ին, Հալէպ նահանգի բնակիչները ցնցուեցան 7.8 ուժգնութիւն ունեցող ահաւոր երկրաշարժով։ Աւելի ուշ անոր յաջորդեց եւս երկու ցնցումներ, որոնցմէ մէկը 7.5 ուժգնութեամբ, որուն յաջորդեց յաւելեալ  յետցնցումներ։

Բացի մարդկային կորուստներէ, բնակելի շէնքեր, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու շէնքներ ալ նոյնպէս մեծ կառուցուածքային վնասներ կրեցին, եւ ոմանք նոյնիսկ հիմնայատակ եղան։ Հալէպ քաղաքի վնասուած կառոյցներու մասին տեղեկութիւններ ստանալէ անմիջապէս ետք, Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի գլխաւորութեամբ գործի լծուեցաւ օգնելու երկրաշարժէն տուժած մեր հայրենակիցներուն։ Սարսափահար եւ անօթեւան մնացած մարդիկ իրենց տուներէն փողոց ելան պատսպարուելու եկեղեցիներու եւ այլ կեդրոններու մէջ։ Աւելի քան 350 ընտանիքներ ապաստան գտան Բեթէլ Եկեղեցիի սրահներուն եւ բակին մէջ։

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նիւթական աջակցութեամբ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան քաջալերութեամբ, աղէտին առաջին արձագանգողները եղան անմիջական նիւթական աջակցութեամբ՝ հոգալով անմիջական եւ հիմնական կարիքներ, բարոյական աջակցութեան եւ աղօթքներու հետ մէկտեղ։ Բեթէլ եկեղեցին նաեւ յատուկ ծրագիրներ մշակեց եւ կազմակերպեց երեխաներուն համար Եկեղեցիի եւ դպրոցի շրջափակին մէջ՝ անոնց զբաղ պահելու եւ քաջալերելու համար։

Հինգշաբթի օր՝ Փետրուար 10-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Բաբկեն Բադալյանը այցելեց Բեթէլ Եկեղեցի եւ որպէս զօրակցութիւն ժամանակ անցուց պատսպարեալներուն հետ։ «Հայաստան եւ Արցախ իրենց մարտահրաւէրներով ու դժուարութիւններով միշտ մեզի հետ են եւ մեզ հետ կը կիսեն մեր ցաւն ու դժուարութիւնները» ըսաւ Վեր. Սելիմեան։ «Մեր ձեռքերը Հայաստանի եւ Արցախի մեկնելու փոխարէն, այժմ Հայաստանն է որ իր օգնութեան ձեռքը կ’երկարէ մեզի՝ յատուկ օգնութիւն ուղարկելով Սուրիա եւ պաշտօնապէս յանձնելով Սուրիոյ կառավարութեան»։

Մինչ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը ամէն ժամ կը բարձրանայ, Բեթէլ Եկեղեցին կը շարունակէ ծառայել, քաջալերել եւ յոյս ներշնչել բոլոր անոնց, որոնք տուժած են Փետրուար 6-ի այս աւերիչ երկրաշարժէն։ Վեր. Սելիմեան կը յայտնէ թէ ներկայիս զոհերու թիւը շուրջ 1580 է, իսկ վիրաւորներու թիւը շուրջ 2500-2550։ Բեթէլ Եկեղեցիին մէջ ապաստան գտածներու թիւը սկսած է նուազիլ։ Ներկայիս անոնց թիւը 150-200 է, քանի անոնցմէ ոմանք կը վերադառնան իրենց տուները եւ կամ այլ բնակավայրեր։ «Մենք նոյն կերպով կը շարունակենք ծառայել անոնց», ըսաւ Վեր. Սելիմեան։

«Կը կերակրենք, կը քաջալերենք եւ յոյս կը ներշնչենք մեր աղօթքներով մէկտեղ։ Միաժամանակ սկսած ենք արձանագրել բոլոր փլուզուած եւ վթարային շէնքերը։ Յատուկ շինարարական փորձագէտներ եւ երկրաչափեր սկսած են այս աշխատանքին՝ գնահատելու զանոնք եւ մեզի ուղղութիւն տալու թէ ինչպէս եւ երբ կրնանք սկսիլ վերանորոգման աշխատանքներուն։ Դպրոցներուն հասած վնասները շուտով կը վերանորոգուին եւ յոյսով ենք որ Երկուշաբթի օր դասերը կը վերսկսին։ Մէկ կողմէն կը փորձենք նուազեցնել անոնց կրած ցնցումը, իսկ միւս կողմէն կը ջանանք բնական կեանքի նշաններ ցոյց տալ, որպէսզի այս ցնցուած վիճակէն վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին»։

Վեր. Սելիմեան նաեւ կը յայտնէ, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները մօտ 40,000 շէնքեր գնահատած են վթարային եւ անյապաղ անոնց մէջ բնակողները պէտք է դուրս գան իրենց բնակարաններէն։ Այս շէնքերուն շուրջ 18,000-ը կը գտնուի Հալէպի եւ իր շրջաններուն մէջ։ «Այժմ մենք կանգնած ենք մէկ այլ ահազանգի առաջ», կ’ըսէ Վեր. Սելիմեան։

«Մարդիկ, որոնք կը խորհէին թէ պիտի կարողանան վերադառնալ իրենց տուները, արտօնուած չեն վերադառնալու։ Եւ այս մէկը մեր վրայ կը դնէ մէկ այլ պարտաւորութիւն՝ տուներ գտնել եւ վարձել այս ընտանիքները տեղաւորելու համար։ Այս անշուշտ բնական ընթացք մը չէ, քանի որ երեք սենեականոց տուներու մէջ իւրաքանչիւր սենեակի մէջ 5-6 հոգիներ կը տեղաւորուին, եւ այս մէկը անախորժ կենցաղային վիճակ մը կը ստեղծէ»։

«Մեր աղօթքն է որ Սուիրոյ մեր համայնքի տոկուն ոգին կրկին տիրէ այս վերջին աղէտի խորքէն բարձրանալով,» ըսաւ Զաւէն Խանճեան, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէնը։

 

Ամերիկայի Հայ Ավետարանչական ընկերակցություն

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728