«Հինգշաբթի օր Մուսա լերան Վագըֆ գիւղի գիւղապետ Պերճ Գարթուն 6 Փետրուարի աւերիչ երկրաշարժէն ետք հաստատած է, որ երկու մուսալեռցիներ զոհուած են սակայն ոչ թէ Մուսա լերան, այլ ուրիշ քաղաքներու մէջ:
Գիւղապետը յայտնած է, որ ժողովուրդը կը գիշերէ գիւղին կեդրոնը, վրանի տակ, ճաշարանին կից: Երկրաշարժին յետցնցումները զօրաւոր են, եւ մարդիկ չեն ուզեր իրենց տուներուն մէջ մնալ:
Վագըֆի բոլոր տուներն ու եկեղեցին վնասուած են երկրաշարժէն:
Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը օգնութիւններ կ՛ուղարկէ Վագըֆ, եւ հաւանաբար գիւղի աշակերտները Պոլիս տեղափոխուին»,- տեղեկացնում է «Գանձասար» շաբաթաթերթը:
Կարդացեք նաև