ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉԸ` ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ
«Գանձասար». Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի 6 Փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7,8 աստիճան ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները, մանաւանդ Հալէպը մեծապէս ցնցուած են եւ անգամ մը եւս մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք սուրիահայ գաղութին, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ:
Ցնցումներուն պատճառով կան` մարդկային զոհեր, վիրաւորներ, քարուքանդ եղած փլատակ շէնքեր, մինչ այդ փրկարար աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին: Նախնական տուեալներով, կան երկու հայ զոհեր` Սուրիահայ օգնութեան խաչի անդամ Միրնա Մինասեան-Թէնէքէճեան եւ անոր որդին:
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք զոհուածներու հարազատներուն եւ ՍՕ Խաչի սգակիր ընկերուհիներուն` մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն:
Կարդացեք նաև
Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր առաքելութեան ընդմէջէն եղած է ու միշտ կը մնայ առաջնագիծի վրայ, մանաւանդ այն պահուն, երբ որեւէ աղէտ կը սպառնայ մեր ազգին: Այսօր դարձեալ կոչ կ՛ուղղենք ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ միաւորներուն, եւ բոլո՛ր հայրենակիցներուն, անմիջապէս հարկ եղած քայլերը առնելու եւ օգնութեան ձեռք մեկնելու այս ծանր երկրաշարժէն տուժած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:
Ձեռք ձեռքի` մեր հայրենակիցներու կողքին: Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար:
Նուիրատուութեան համար այցելել www.ars1910.org/sar