«Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2023-ին, վաղ առաւօտեան ժամը 4։17-ին, Թուրքիոյ հարաւային շրջանին մէջ եւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին տեղի ունեցան երկու յաջորդական ուժեղ երկրաշարժներ։ 7.7 եւ 6.4 ռ. ուժգնութեամբ։
Ամէնէն ուժեղ ցնցումները եղան Իտլիպ, Հալէպ եւ Լաթաքիա։
Այս երկրաշարժին յաջորդեց տասնեակէ աւելի յետցնցումներ։
Երկրաշարժին ուժեղ ցնցումները նաեւ զգացին Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները։ Ցնցումներու հետեւանքով Քեսապի մէջ մարդկային կեանքերու կորուստներ չեղան։ Արձանագրուեցան միայն նիւթական վնասներ։ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցին թեթեւ վնասներ կրեց»,- տեղեկանում ենք «Գանձասար» շաբաթաթերթի ֆեյսբուքյան էջից:
Կարդացեք նաև