Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց անկախացումէն ի վեր իր աշխատանքները գլխաւորաբար կեդրոնացուցած է հայրենիքի հզօրացման՝ յատկապէս քաջարի Արցախի ժողովուրդի բարօրութեան համար։
Արցախի Հանրապետութիւնը աւելի քան յիսուն օր շրջափակման մէջ է, եւ 120,000 արցախահայերը գոյատեւման պայքար կը մղեն՝ Արցախը կանգուն պահելու համար։
Խորապէս կը գիտակցինք, որ դժուարին այս օրերուն ճգնաժամը դիմագրաւելու համար, Արցախը աւելի քան երբեւէ ունի մեր միասնութեան եւ օգնութեան կարիքը։
Կարեւոր այս հրամայականի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալով «ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իմաստալից իր կարգախօսին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանը, շուրջ 10 թոն պարէնամթերք յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան։
Մենք միշտ Արցախի կողքին ենք։ Օրհասական այս օրերուն կոչ կ՛ընենք ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին ու համայն հայութեան՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու քաջարի արցախահայութեան, որ հերոսաբար կառչած է պապենական մեր հողերուն եւ արթուն պահակն է արեան գնով ազատագրած իր հայրենիքին։
Կարդացեք նաև
Արցախը մերն է եւ մնալու է հայկական։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ