Նժդեհ Գարագաւորեանի Հայրենիք մուտքի արգելքով, կը շարունակուի Դաշնակցութեան դէմ բացայայտ արշաւը
Հայաստանի «իշխանական» բռնապետական ապազգային քլանին կազմած ցուցակը դաշնակցական եւ Հայ Դատի գործիչներու դէմ, փոխան թուրք-ազերի թշնամիին, կը շարունակուի …
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի, Հոլանտայի Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատու Մասիս Աբրահամեանի եւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի Հայրենիք մուտքի արգելքէն ետք, հերթը հասաւ Ֆրանսայի ՀՅԴ երիտասարդականի՝ «Նոր Սերունդ»-ի ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեանին, որ հայրենանուէր եւ ազգանուէր իր բեղուն գործունէութեամբ ծանօթ է բոլորին՝ Լիբանանէն մինչեւ Արցախ, Սիւնիք ու Ֆրանսայէն մինչեւ եւրոպական այլ երկիրներ:
Յստակ է արդէն, որ այսպէս կոչուած անբաղձալի տարրերու ցուցակը ի զօրու է դեռ …
Կարդացեք նաև
Հանրապետութեան սահմաններէն ներս շարունակուող դաշնակցական մեր ընկերներուն դէմ ապօրինի ամէն տեսակի հալածանքին զուգահեռ սփիւռքեան մեր շարքերուն ուղղուած այս անբարոյ դիրքորոշումը պարզապէս կը մերկացնէ դաւաճան վարչախումբին քաղաքական թրքաբարոյ վարքագիծը:
Այսու կը յայտնենք, որ փաշինեանական քլանը խաբկանքը պէտք չէ ունենայ, որ նման սին ու փոքրոգի իբրեւ թէ ճնշամիջոցներով ու արգելքներով կրնայ դաշնակցական երիտասարդութեան պայքարի ոգին կոտրել: Ընդհակառակն, Դաշնակցութեան շարքերն ու երիտասարդական մեր միաւորները առաւել մեծ թափով պիտի շարունակեն փտած այս վարչախումբը հեռացնելու պայքարը, ի խնդիր ժողովրդավար, զարգացած, արդիական, իրաւական պետութեան վերակառուցման: Եւ ինչպէս մեր նախորդ յայտարարութիւններով շեշտած ենք, երկիրը դէպի անդունդ տանող փաշինեանական դաւադիր վարչախումբին գործիքին վերածուած ԱԱԾ-ն տէրը չէ իր կոչումին եւ հաւասարապէս պատասխանատու է ազգադաւ ու Ազգը պառակտող այս որոշումներուն, զորս կը մերժենք ըստ ամենայնի: Իրաւական եւ կարելի բոլոր միջոցներով պիտի պայքարինք վերականգնելու հայրենազրկութեան այս քստմնելի արշաւին դէմ: Կրկնելու գնով կը վերընդգծենք, որ ողորմելի են նման փոքրոգի որոշումի տէրերը, մանաւանդ երբ կը խորհին այս միջոցով ճնշել ու լռեցնել ի խնդիր համազգային մեր Դատին, ի խնդիր Հայաստանի եւ Արցախի ամբողջականութեան ու բարօրութեան համար երդուած ու յանուն այդ երդումին պայքարող նուիրեալ գործիչները: Մեր պայքարը առաւել պիտի սաստկանայ, մինչեւ ազգային ու իրաւական պետութեան վերականգնումը, որուն նախապայմանն է երկրին իշխանութեան յայտնուած ապազգային ու հայրենադաւ խունդային հեռացումը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէ
Փարիզ