Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հետզհետէ աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուող Սիւնիքի մէջ եւրոպական ներկայութեան հաստատման համապատասխանող քայլ է, որ կ՛առնուի այս ձեւով. «Ազդակ»

Հունվար 24,2023 10:43

18 եւ 19 յունուարին յաջորդաբար, Եւրոպական խորհրդարանը երկու աւելի քան ուշագրաւ բանաձեւեր որդեգրեց թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան, թէ՛ Արցախ-Ազրպէյճան յարաբերակցութիւններուն վերաբերեալ:

Բանաձեւերը աննախընթացօրէն հայանպաստ են թէ՛ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէն ազրպէյճանական զօրքերը հեռացնելու, թէ՛ Բերձորի միջանցքը բանալու, թէ՛ ռազմագերիներու վերադարձը պահանջելու եւ մանաւանդ հելսինքեան հռչակագիրի նշումով` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիմնադրոյթը ընդգծելու առումով: Տակաւին կան ածանցեալ այլ սկզբունքներու նշումներ, որոնք կը համատեղուին հայկական կողմի առաջադրանքներուն հետ եւ կը սաստկացնեն քննադատութիւնները ազրպէյճանական կողմին: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ եւրոպական հայեցակէտերը դիտարկել եւ ըստ այնմ ընկալել ամրագրուած կէտերու բուն շարժառիթները:

Առաջին բանաձեւին հանգուցակէտը 7-րդ կէտն է, որ կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան տեղակայումը եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ ընդլայնելու տեղակայուած փորձագէտներու քանակը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները, ամրապնդելու շրջանին մէջ ներկայութիւնը:

Մինչեւ 7-րդ կէտ հասնիլը կը տրուին հիմնաւորումներ: Պարզ է, որ այստեղ մղումը Հարաւային Կովկաս թափանցելն է եւ այնտեղ եւրոպական ներկայութիւնը արմատաւորելը: Այստեղ աշխարհագրութիւնը աւելի մասնակի` Հայաստան-Ազրպէյճան ընդհանուր սահմանն է:

Երկրորդ բանաձեւը կը շարունակէ եւրոպական այս քաղաքականութեան այլ ուղղութեամբ փակագիծեր բանալը. արդարեւ, 6-րդ կէտով լոյս կը սփռուի ամբողջ քաղաքականութեան մը վրայ. Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ ռուս խաղաղապահներու անգործութիւնը, կը գտնէ, որ անոնց ՄԱԿ-ի լիազօրութեան տակ ԵԱՀԿ-ի միջազգային խաղաղապահներով փոխարինումը պէտք է դառնայ հրատապ բանակցութիւններու նիւթ:

Ահա այստեղ է մնացեալ ամբողջ կէտերու հիմնաւորումի հանգամանք ըլլալու իրողութիւնը: Խնդիրը մարդասիրական աղէտի, պատանդուած վիճակի, թէ ցեղասպանութեան վտանգի ենթակայ ըլլալէն աւելի դարձեալ տարածաշրջանին մէջ աշխուժ ներկայութիւն դառնալուն կը վերաբերի:

Եթէ առաջին բանաձեւը կը խօսի Հայաստան -Ազրպէյճան սահմանին եւրոպական առաքելութիւններուն թափ հաղորդելու մասին, երկրորդի պարագային արդէն խաղաղապահ ուժերու տեղակայման հրատապութիւնը կ՛ընդգծէ:

Արձանագրենք, որ եւրոպական միակողմանի առաքելութիւններու ուղարկման կտրականապէս դէմ է Պաքուն. զայն անարդիւնաւէտ նկատեց նաեւ Մոսկուան, իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով: Իսկ Անգարան արտաքին միջամտութիւններու խանգարիչ գործօնի մասին պաշտօնապէս յայտարարութիւն կատարեց:

Եւրոպական գերաշխուժութեան ուղղութեամբ ընդհանուր ակնարկներ կատարած է Իրանը: Շեշտակի այս բանաձեւը համաչափ արձագանգ չէ գտած Թեհրանի կողմէ:

Որքան ալ առարկուի, որ Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը չէ, եւ անոր բանաձեւերը չեն վերածուիր մեքենաբար Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան, այդուհանդերձ եւրոպական ատեաններու կողմնակի քայլեր համաեւրոպական լրացուցիչ գործօնի ազդեցութիւնը կը ձգեն:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները կ՛որդեգրեն տարբեր բնոյթի առաքելութիւններ Հայաստան ուղարկելու ծրագիրը: Մինչ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները իրենց գործընկերները կը հրաւիրեն համակարգելու Սիւնիքին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծերը: Հետզհետէ աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուող Սիւնիքի մէջ եւրոպական ներկայութեան հաստատման համապատասխանող քայլ է, որ կ՛առնուի այս ձեւով:

«Ա.»

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031