ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի հետ առնչուող շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
Բագրատունի Պու Հապիպին ներկայացուց Բերձորի միջանցքի Ազրպէյճանի կողմէ փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակը եւ կրկնեց նախապէս ներկայացուցած պահանջը, որ Լիբանանի կառավարութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով անհրաժեշտ կեցուածքը որդեգրէ:
Նախարար Պու Հապիպ յայտնեց, որ արդէն իսկ արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրած է Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը` այս նիւթի արծարծման եւ համապատասխան կեցուածքի փոխանցման համար:
Բագրատունի կրկնեց նաեւ, որ ցարդ մասնաւոր զարգացում չէ պատահած Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանի կապակցութեամբ եւ պահանջեց, որ նախարարութիւնը անյապաղ վերարծարծէ այս հարցը:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ