Լեռնային Ղարաբաղն ու Հայաստանը իրարու կապող Կեանքի Ճանապարհին փակ ըլլալուն զուգահեռ մէկէ աւելի խնդիրներ իրավիճակը առաւել կը սրեն եւ կը ստիպեն հաշուի առնել կացութեան բարդացման առաջնորդող այն բոլոր տուեալները, որոնց ընդհանուր գումարը արցախահայութեան վրայ անհամեմատելիօրէն բարձր ճնշումն է՝ զայն ծունկի բերելու եւ հայրենաթափելու նպատակով։
Ներքին թէ արտաքին առարկայական եւ ենթակայական ազդակներ արցախեան իրավիճակին կապուած զարգացումներուն վրայ ունին իրենց ազդեցութիւնները, որոնք եթէ առանձնացուին, կրնան ընդհանուր պարունակէն դուրս բերել Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապին էութիւնը եւ խնդրին տարբեր երանգներ տալ։ Այս ազդակներէն են Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին անջատաբար տրուած վերջին մամլոյ ասուլիսներուն ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները։
Հայաստանի վարչապետը նաեւ անպատասխան ձգեց լրագրողի մը այն հարցումը, որ կը վերաբերէր Արցախի կարգավիճակին, թէ ի վերջոյ անիկա Ատրպէյճանի կազմին մէջ պիտի գտնուի՝ խաղաղութեան պայմանագրով կամ այլ տարբերակով մը։ Փաշինեան հարցումին պատասխանեց հարցադրումով մը, թէ Ատրպէյճան արդեօք կը ճանչնա՞յ Հայաստանի հանրապետութեան հողային ամբողջականութիւնը։ «Եթէ Ատրպէյճան կը ճանչնայ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, ապա Հայաստանի հանրապետութիւնն ալ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, առանց սակայն ուղղակի պատասխանելու իրեն ուղղուած հարցումին, թէ Հայաստանի համար ընդունելի՞ է Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնել Արցախը։
Ամենայնդէպս, ամէնէն նշանակալից յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Արցախի վերջնական կարգավիճակին մասին։ Փաշինեանի համաձայն, ինչպէս այսօր, անցեալին եւս միջազգային ընտանիքը Լեռնային Ղարաբաղը ընկալած է իբրեւ Ատրպէյճանի մասը, մինչդեռ Մատրիտեան սկզբունքներուն հիմամբ, միջազգային ընտանիքը կը յայտարէր, որ Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող հանրաքուէի միջոցով։ Ըստ հայաստանեան ընդդիմութեան, Փաշինեան ուղղակիօրէն չըսաւ, որ մենք Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը ճանչնանք, այլ քողարկելով՝ ջանաց Մատրիտեան սկզբունքները աղաւաղել։
Կարդացեք նաև
Մինչ հայկական ճակատին վրայ այս դիրքորոշումները կ՛արձանագրուէին, անդին Ալիեւ կը յոխորտար, թէ այն հայը, որ չ՛ուզեր Ատրպէյճանի կազմին մէջ ապրիլ, ապա Լաչինի (Բերձոր) անցքը բաց է։ Կրնայ հեռանալ։Ահա իսկական վտանգին ամբողջ տարողութիւնն էր, որ կը բացայայտուէր։ Արցախի հայաթափման հոլովոյթին առնչուած Ատրպէյճանի նախագահին իսկապէս անկեղծ դիրքորոշում մը, որ հայկական ճակատը դէմ յանդիման կը դնէ Միանալու եւ Մէկ ու Միացեալ Ճակատով դիմակալելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հայաթափման քաղաքականութիւնը։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: