Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

«Արցախը Հայաստան է ու վերջ»-ը հիմա մոռցուած է. ինքնահակասումներու եւ ինքնաժխտումներու ամբողջ ցուցատախտակ մը. «Հայրենիք»

Հունվար 12,2023 11:13

Գրեթէ չորս ժամ տեւեց Հ․Հ․ վարչապետին հետ կատարուած մամլոյ ասուլիսը՝ Յունուար 10-ին։

Հարց կը մնայ թէ սկիզբէն պատրաստուա՞ծ էր «սենարիօ»-ն, այսինքն հարցումներն ու պատասխանները սկիզբէն դասաւորուա՞ծ էին․ չ’արժեր նման հաւանականութիւն վերածել «մատի փաթթոց»-ի, սակայն անպայման որ պէտք է կանգ առնենք բովանդակային հարցերու վրայ…անշուշտ եթէ պէտք է անպայման իմաստ ունեցող բովանդակութիւն փնտռել ըսուածներուն մէջ:

Նախ անդրադառնանք աղաղակող ընդհանրութեան մը. վարչապետը յաճախ խօսեցաւ կմկմալով, որ ինքնին բառացուցական է, յետոյ, պարզեց ինքնահակասումներու եւ ինքնաժխտումներու ամբողջ ցուցատախտակ մը, որ չէր կրնար խուսափիլ քիչ թէ շատ բանիմաց քաղաքացիներէ: Օրինակի համար, ան քանի մը շաբաթ առաջ Ատրպէյճանը կ’ամբաստանէր նոր ցեղասպանութիւն պատրաստելու յանցանքով, եւ ահա դարձեալ կ’ըսէ, թէ ինք կը հաւատայ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելուն, եւ իբրեւ գործնական ուղի՝ կը տեսնէ, որ Երեւանի համար յստակ է, թէ Պաքու եւ Ստեփանակերտ պէտք է սեղանի շուրջ նստին եւ ուղղակի խօսակցին, քննարկեն հիմնահարցի ապագան, այսինքն՝ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ»-ը հիմա մոռցուած է, Երեւան ըսելիք-ընելիք չունի։ Արդեօք նմանօրինակ խօսքերն ու հաստատումները (շարքը երկար է) կը համընկնի՞ն ղեկավարութեան կիրարկած ուղղութեան, կամ, աւելի՛ն՝ ներկայ իրավիճակին, երբ Բերձորի միջանցքը մէկ ամիսէ ի վեր փակ կը մնայ եւ բացայայտ է, որ Պաքու անընդունելի կը նկատէ Ստեփանակերտի հետ որեւէ ձեւի բանակցութիւն, գործնապէս ճամբայ հանած է Արցախի վերջնական հայաթափման իր վաղեմի ծրագիրները։ Հեգնանքը շատ աւելի ողբերգական հնչեղութիւն ստացաւ, երբ գրեթէ նոյն ժամերուն, Պաքուի բռնապետը ասուլիս մը տալով, այս ու նման կէտերու իր պահանջները կը յիշեցնէր Հայաստանին…

Այլ կէտ մը. վարչապետը ամէնայն լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Յունուար 1-էն սկսեալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ օդային ուղիղ բեռնափոխադրութիւններու արգելքի վերացման մասին, նշելով, թէ որոշումը տրուած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներու բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք: Ի դէպ, «ջայլամ»ը կ’ուզէ, որ մենք ալ չտեսնենք, թէ Հայաստանի շուկաները շատո՜նց ողողուած են թրքական արտադրութիւններով: Անշուշտ շարունակելով հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին իր չնաշխարհիկ նկատողութիւնները, ան վերստին նշեց որ Եւրոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան մրցաշարքին, երկու երկիրները միեւնոյն խմբակին մէջ են, ուրեմն… «ֆութպոլային քաղաքականութիւն» վերստեղծելու առիթ։ Անդին, Թուրքիա կրկին ու կրկին կը յայտարարէ, թէ ինք լիարժէքօրէն զօրավիգ է Ատրպէյճանին եւ Հայաստանի դիմաց անոր շարած նախապայմաններուն (որոնցմէ մէկն ալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ն է), իսկ Երեւանը տակաւին կը տուայտի «թուրքերը նախապայման չունին»ի պատրանքին մէջ:

Եւ ահա, անուղղակի արձագանգ մը: Շարունակելով իր ցնորաբանութիւնները, վարչապետը շեշտեց Մեղրիի ճամբով Թուրքիա-Հայաստան-Իրան-Ատրպէյճան երկաթուղիի հաստատման կարեւորութիւնն ու… «Զանգեզուրի միջանցք»-ին հաստատումը։ Սակայն, յստակ յիշատակում չեղաւ Արցախի շրջափակման ահաւոր իրավիճակին մասին։ Լրջօրէն չքննարկուեցաւ 120 հազար հայորդի հաշուող Արցախի դաժան ու դժնդակ կացութիւնը։ Իսկ երբ լրագրող մը (սա արդեօք ի սկզբանէ դասաւորուա՞ծ էր) փորձեց ահազանգել, թէ հայրենի սահմաններուն տէր կանգնիլը անկարելի ըլլալով՝ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ պաշտպանել Արցախի անկախութիւնը, արդէն բացայայտ դարձաւ, թէ ո՛ւր կ’ուղղուի «Արցախէն ձեռք պէտք է լուանք»-ի տրամաբանութիւնը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2023
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031