Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 11 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանին փոխանորդը եւ մարդկային իրաւանց պատասխանատու Կայ Լին:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս անդրադառնալու նախագահական ընտրութեան եւ ընկերատնտեսական տագնապին:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի պարզած ներկայ մտահոգիչ կացութեան եւ առաջարկեց դեսպանին, որ Միացեալ Նահանգներ կատարեն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը Բերձորի միջանցքը վերաբանալու աշխատանքներուն գծով՝ մղուած մարդասիրական մտահոգութենէ:
Կարդացեք նաև