ՅՈՅՍԻ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Թէեւ անցնող աւելի քան երկու տարիները եւ ի մասնաւորի վերջին շաբաթները, Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի մէջ ապրող մեր ազգի զաւակներուն համար եղան ցաւի ու տառապանքի ժամանակաշրջան, սակայն յոյսի եւ արթնութեան գիտակցութիւնը երբեւէ չտկարացաւ մեր հաւաքական էութեանը մէջ։
Այսօր, աւելի քան երբեւէ, հայ ազգի զաւակները պարտին համախմբուիլ՝ միմեանց հանդէպ անկեղծութեան եւ յարգանքի զգացումներով տոգորուած՝ յանուն մեր յաւէրժական Հայրենիքին ու ազատատենչ Արցախին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը այս օրերուն կը ձեռնարկ է զանազան միջոցներ ու հանդիպումներ յաչս Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ միջազգային կազմակերպութեանց, արդարութեան պահանջի եւ բողոքի իր ձայնը բարձրացնելով յանուն մեր մայր Հայրենիքի եւ Արցախի անվտանգութեան։
Միշտ չէ, որ մեր ձայնը լիարժէք կերպով ու մեր ակնկալութիւններուն համահունչ կը հասնի հասցէա-տէրերուն, այսուհանդերձ մեր էութեան մինչեւ խորքը գտնուող յոյսը, արթնութիւնը եւ վճռակամութիւնը կը մնան անկոտրում։
Մեր կոչն է, որ բոլորով մնանք միասնակամ՝ որպէս մէկ հոգի եւ մէկ մարմին, որպէսզի մեզի բաժին ինկած կարելիութիւնները յաջող կերպով ի սպաս բերենք յանուն հայրենիքի։ Մեր կեանքը չի կրնար բնականոն ընթացքի մէջ ըլլալ այնքան ժամանակ, քանի դեռ մեր եղբայրները եւ քոյրերը տիւ ու գիշեր տագնապի մէջ կ’ապրին յաւէրժական մեր հայրենիքի սահմաններէն ներս։
Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը բոլորիս վրայ կը դնեն յաւելեալ բարոյական պարտաւորութիւն՝կեանքն իմաստաւորելու ծառայութեան ոգիով, եւ ի մասնաւորի մշտապէս խոնարհած մեր նահատակ քաջարի զինուորներու յիշատակին առջեւ։
Սիրելի հայրենակիցներ, յառաջիկայ օրերուն իրազէկ պիտի պահենք Ձեզ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի կողմէ նախաձեռնուած քայլերու մասին՝ յանուն մեր ազգային նպատակներուն եւ մեր արդար պահանջներուն, եւ յանուն մեր հայրենիքի անվտանգութեան։
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ