Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին յղած իր ցաւակցագիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վախճանեալ Պէնէտիքթոս ԺԶ. Պապը կը նկատէ որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբաններէն մէկը, որ միջեկեղեցական, միջկրօնական եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ընկերութիւն փոխյարաբերութեանց խնդիրներու գծով, իր յստակ տեսակէտներով ու խոր վերլուծումներով առանցքային դեր ունեցած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մօտեցումներու ձեւաւորման ու զարգացման մէջ:
Նոյն օրը Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքէն պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Լիբանանի մօտ պապական նուիրակին եւ յանուն հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ցաւակցութիւն յայտնեց Պէնէտիքթոս Պապին վախճանման առիթով:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – ԼԻԲԱՆԱՆ