Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ որոշ լարուածութեան առկայութիւնը արտացոլաց 29 Դեկտեմբերին, Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ռուսիոյ հասցէին եղած արտայայտութիւններուն եւ անկէ ակնկալութիւններուն, ինչպէս նաեւ ռուսական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողմէ անոր տրուած պատասխաններուն ընդմէջէն:
Փաշինեան դարձեալ յայտարարեց, որ Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու փակման պատասխանատուութիւնը կը կրեն 9 Նոյեմբերի համաձայնութիւնը ստորագրած կողմերէն երկուքը՝ Ատրպէյճան եւ Ռուսիա, իսկ վերջինս ապահովական յստակ պարտաւորութիւններ ստանձնած է Արցախի ժողովուրդին առջեւ։ «Ո՞րն է իրադրութեան Ռուսաստանի Դաշնութեան գնահատականը: Ո՞րն է Լաչինի միջանցքը վերականգնելու նրա պլանը (ծրագիրը) եւ ճանապարհային քարտէզը: Սրանք հարցեր են, որոնց պատասխանները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրութիւնը սպասում է Ռուսաստանի Դաշնութիւնից, որը, յիշեցնեմ, նաեւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի մշտական անդամ է», յայտնեց Փաշինեան:
Այս հարցերը Փաշինեան բարձրացուց Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսիոյ նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն 2 օր ետք: Բոլոր պարագաներուն ալ յստակ չդարձաւ, թէ անոնք ի՞նչ քննարկում կատարեցին կամ ի՛նչ որոշում տուին այդ հանդիպումին:
Երկկողմանի այս հանդիպումէն ընդամէնը երկու օր ետք արդէն Փաշինեան յայտարարեց, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ռուսական կողմը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահներուն միջազգային յանձնառութիւն շնորհելու ուղղութեամբ։ «Եթէ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը օբյեկտիւ (առարկայական) կամ սուբյեկտիւ (ենթակայական) պատճառներով չի կարողանում ապահովել կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղում, կարծում եմ, ինքը պիտի քննարկում նախաձեռնի ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդում եւ Լեռնային Ղարաբաղում Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախմբին ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհրդի մանդատով (յանձնառութեամբ) օժտելու կամ Լեռնային Ղարաբաղ լրացուցիչ բազմազգ խաղաղապահ զօրախումբ ուղարկելու հարց բարձրացնի», ըսաւ Փաշինեան:
Կարդացեք նաև
Ան վստահեցուց, որ կան բոլոր նախանշանները պնդելու, որ Ատրպէյճան նոր ռազմական սադրանք կը նախապատրաստէ, նաեւ՝ Արցախի նկատմամբ:
Հայաստանի վարչապետին եւ այլ պաշտօնեաներուն կողմէ Ռուսիոյ ուղղուած սլաքներուն արձագանգեց ռուսական կողմը՝ իր երեք բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ճամբով:
Ռուսիա դարձեալ հերքեց Երեւանէն հնչող պնդումները, թէ Հայաստանի վրայ ճնշումներ կը բանեցուին՝ Ռուսիա-Պելոռուս միութեան անդամակցելու համար: Զախարովա շեշտեց, որ նման յայտարարութեան զուգահեռ պէտք է ներկայացուին փաստեր՝ նշելով, որ ոչ մէկ ռուս պաշտօնեայ նման քայլի դիմած է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց նաեւ պնդումները, որ Մոսկուա կը ստիպէ միջանցք տրամադրել Ատրպէյճանին, եւ որ անիկա պիտի ըլլայ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս: Զախարովա կեղծ տեղեկութիւն նկատեց այս մասին շրջան ընող լուրերը՝ մէջբերելով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ առաջնորդներուն նախորդ տարուան յայտարարութիւնը, ըստ որուն «հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու ուղիներու ապաշրջափակման հարցերու եռակողմ յանձնաժողովին կողմէ կը քննարկուին զանազան ուղիներ, որոնց կարգին՝ Հայաստանի հարաւը երկաթագիծի վերականգման վերաբերող հարցեր: Այդ աշխատանքի սկզբունքներէն մէկը, որ վիճարկումի նիւթ է ո՛չ Երեւանի, ոչ ալ Պաքուի կողմէ, կը նշէ, որ այդ երթուղիին ինքնիշխանութիւնը կը պատկանի այն կողմին, որուն տարածքով կ՛անցնի անիկա»:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու հասցէին Երեւանէն հնչող մեղադրանքներուն՝ Զախարովա ըսաւ. «Ոեւէ մէկը պատախանատու կերպով կրնա՞յ ըսել՝ առանց ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան աւելի լա՞ւ պիտի ըլլար: Նման յայտարարութիւններ ընել կը նշանակէ չհասկնալ, թէ ի՛նչ իրավիճակ կայ գետնի վրայ»:
Ան շարունակեց, որ Երեւանի շահագրգռուածութեան պարագային ՀԱՊԿ-ի երկիրները պատրաստ պիտի ըլլան դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու Հայաստան: Ան կ՛արձագանգէր Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի այն յայտարարութեան, որ այժմ կարելիութիւն ստեղծուած է, որ Ռուսիա կանգնի Հայաստանի կողքին եւ պաշտպանէ անոր ինքնիշխանութիւնը, եւ որ Երեւան կը սպասէ համապատասխան քայլերու: Զախարովա դիտել տուաւ, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Ռուսիա կը հենի բարձրագոյն մակարդակով գոյացած եռակողմ համաձայնագիրների ամբողջ թղթածրարին վրայ, ներառեալ՝ 9 Նոյեմբեր 2020ի, 2021ի 11 Յունուարի եւ 26 Նոյեմբերի եւ 31 Հոկտեմբեր 2022ի ի յայտարարութիւնները: «Ասոնք յուսալի հիմք կը հանդիսանան Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու համար», յայտնեց ան:
Ան շեշտեց, որ այդ գործընթացին մէջ նկատի կ՛առնուին երկու երկիրներուն հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները եւ պարտաւորութիւնները։ «Հետեւաբար, իբրեւ միջնորդ, մենք մնայուն կերպով հանդէս կու գանք այնպիսի դիրքորոշումով, որ կարելիութիւն պիտի տայ արդիւնաւէտօրէն իրականացնել այդ գործառոյթը: Եւ ես իսկապէս յոյս ունիմ, որ Հայաստանի մէջ գիտեն այդ մասին: Իսկ եթէ խօսքը ՀԱՊԿի ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն մասին է, ապա եթէ Երեւան շահագրգռուած ըլլար, կազմակերպութեան անդամ միւս բոլոր երկիրները պատրաստ պիտի ըլլային դիտորդական առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան», շեշտեց Զախարովա:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: