Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ Պապին առողջական իրավիճակին մասին արտայայտուելով յայտնեց, թէ Ան անցեալ գիշեր կարողացաւ լաւապէս հանգստանալ ու թէ առ այժմ անոր առողջական վիճակը կը մնայ կայուն, կհայտէ Vaticannews։
«Վաստակաւոր Քահանայապետը կարողացաւ հանգիստ ընել անցեալ գիշեր, ան արթուն ու ուշիմ մտքով է»,- հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը պատասխանելով լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն։
«Հակառակ, որ վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր – աւելցուց Ան- իրավիճակը այս պահին կայուն է»:
Մաթթէօ Պրունին յիշեցուց ապա թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը կը նորոգէ հրաւէրը աղօթելու Պենետիկտոս ԺԶ-ին համար եւ Անոր ընկերանալու այս դժուար ժամերու ընթացքին»։
Ռոպէր Աթթարեան
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: