Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Երբ Ճափոնի մարզիչը կը խոնարհի

Դեկտեմբեր 29,2022 12:51

Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին աշխարհի մէջ կարծէք կեանքը պահ մը կանգ առաւ: Ժողովուրդներու ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Քաթարի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը: Առիթը ունեցանք շատ լաւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը հետեւելու` ֆութպոլային մարզախաղի բարձր չափանիշներով:

Մրցաշարքին մէջ եթէ մէկ կողմէ կային մարզիկ հերոսներ, որոնք ֆութպոլային աշխարհի մէջ կերտած են ու կը շարունակեն կերտել պատմութիւն, բայց նոյնքան ալ կային անակնկալներ: Ի յայտ եկան երկիրներ, որոնք գերազանցեցին իրենց խաղաոճով, եւ այդ եղաւ անսպասելի անակնկալը, երբ այդ մարզիկները հմայեցին հանդիսատեսը: Այս երկիրները կրցան ցոյց տալ, թէ միշտ չէ, պատմութիւնը կը կրկնուի, եւ ֆութպոլի աշխարհին մէջ միշտ նոյն խումբերը չեն, որ կրնան գլխաւորել աղիւսակները: Աշխարհը կը փոխուի, նաեւ` ֆութպոլային մրցանիշները, նոր երկիրներ մէջտեղ կու գան եւ կրնան նուաճել բարձունքներ: Այս երկիրներու շարքին պէտք է դասել Ճափոնը, երբ ան ցոյց տուաւ ֆութպոլային բարձր մակարդակ եւ` քիչ մըն ալ աւելին:

Քիչ մը աւելին Ճափոնի մարզիչն էր եւ իրենց հանդիսատեսները: Մարզիչը` Հաղիմէ Մորեասուն, որ վեհանձնութիւնը ունեցաւ խոնարհելու ժողովուրդին եւ համակիրներուն առջեւ, նոյնիսկ երբ իր խումբը պարտութիւն կրեց, եւ Ճափոնի համակիրները, որոնք մարզահամալիրները մաքրեցին, նոյնիսկ երբ իրենք չէին աղտոտած ամբողջ տարածքը: Երկու վկայութիւն մէկ երկրէ` մեծ, վեհանձն եւ բարեկիրթ վկայութիւններ:
Ճափոնի մարզիչը խոնարհեցաւ: Խոնարհումը արտացոլացումն էր իր ներաշխարհին մէջ կերտուած բարձր չափանիշներուն, որ կեանքը կը կերտուի, երբ արժէքը կը սերմանես մէջդ եւ կը բաժնես զայն: Խոնարհումը նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ան կը պատկանի երկրի մը, որ կրցած է կերտել համակարգ մը, ուր քաղաքացին կեանքը արժանապատուութեամբ կ՛ապրի: Այս արժանապատուութեամբ է, որ երկիր կը կերտուի:

2015-ին աշխատանքային այցելութեամբ գտնուեցայ Թոքիօ եւ առիթը ունեցայ տեսնել Ճափոնի գեղեցիկ վայրերը: Բայց նաեւ ժամանակ տուի հաղորդակցելու եւ ճանչնալու տեղացի ժողովուրդը: Ճափոնցին անդրադարձած է, որ իր երկրի պատմութիւնը եղած է դաժան, եւ որ իրենք` որպէս երկիր ու պետականութիւն, սխալներ գործած են: Այդ սխալները իրենց անդրադարձը ունեցած են մէկ կողմէ իրենց երկրին վրայ, բայց նաեւ` աշխարհին: Անոնք տեսած են, որ իրենց երկրի պատմութիւնը եւ անոր ընթացքը պէտք է փոխեն, եթէ կ՛ուզեն յառաջխաղացք արձանագրել եւ քաղաքակիրթ պատմութիւն մը կերտել:

Ճափոն իր գրաւը դրած է քաղաքացիական դաստիարակութեան վրայ` իբրեւ իրենց երկրի համակարգին եւ անոր յառաջխաղացքի հիմք ու կռուան: Քաղաքացիական դաստիարակութիւնը, որով անոնք սկսած են սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս քաղաքացին ինքզինք պէտք է յարգէ եւ զարգացնէ իր կեանքը: Այս ընելով` նաեւ նպաստէ ուրիշի զարգացման:
Ճափոն քրիստոնեայ երկիր մը չէ: Քրիստոնեայ ներկայութիւնը շատ փոքր մասնիկն է երկրին հաւաքականութեան մէջ: Բայց հիմնական տուեալը միայն անոր մէջ չէ: Քաղաքացիական դաստիարակութիւնը մարդկային արժէքի դաստիարակութիւնն է, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է կեանք կերտել` անհատական, ընտանեկան, հաւաքական եւ պետական մակարդակներու վրայ: Ճափոնի համար քաղաքացիական դաստիարակութիւնը զարկ տուած է աշխատասիրութեան մը, որուն շնորհիւ կերտած են հայրենիք: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս է, որ Ճափոնի անձնագիրը այսօր աշխարհի ուժեղագոյնն է, երբ անոնք կրնան աւելի քան 192 երկիր այցելել առանց մուտքի արտօնագիրի: Ու տակաւին կարելի է խօսիլ իրենց ձեռք ձգած տնտեսական հսկայական յառաջխաղացքին մասին, որով անոնք կերտեցին իրենց երկրին համար բարձր ճարտարարուեստ մը եւ զոր կը բաժնեն աշխարհին հետ:

Ճափոնի մարզիչը խոնարհեցաւ: Իր խոնարհութեան ընդմէջէն ան ցոյց տուաւ իր սէրն ու յարգանքը: Ան իր պարտութիւնը եւ խումբին ձախողութիւնը ընդունեց վեհանձն սրտով ու հոգիով եւ այդ բոլորին մէջէն ան կիսեց իր սէրը, յարգանքը եւ համերաշխութիւնը աշխարհին հետ: Եթէ պիտի ուզենք ստեղծել աշխարհ մը, որ համերաշխ է, անհրաժեշտ է, որ կարենանք մեր անձերուն մէջ կերտել յարգանք ու սէր եւ բաժնել զայն մենք մեր անձերուն, ինչպէս նաեւ ուրիշին հետ:

Աւելի քան 70 տարիներ մեր հայրենիքը մաս կազմեց խորհրդային համակարգին, եւ 1991 թուականի անկախութիւնը աշխարհասփիւռ հայուն երազն էր: Թէ՛ ուրախացանք եւ թէ՛ ալ հպարտացանք, եւ` մինչեւ այսօր:
Հարց պէտք է տանք` որքա՞ն հայրենիք եւ պետականութիւն կերտեցինք անկախութենէն ի վեր: Որքա՞ն կրցանք վեր առնել մեր պատմութիւնը, արժեւորել զայն, սորվիլ իւրաքանչիւր փուլէ` իր ձախողութիւններով ու յաջողութիւններով եւ ստեղծել նորը: Եթէ երկիր եւ պետականութիւն պիտի կերտենք, այդ կը պահանջէ հաւաքական աշխատանք ու կամք: Հաւաքական աշխատանքը կը սկսի քաղաքացիական դաստիարակութեամբ:

Ճափոնի տղաքը, որոնք կը մաքրեն. լուսանկարը՝ Anand Mahindra-ի

Երկիր-պետականութիւն մը հիմնելու համար անհրաժեշտ է քաղաքացիական դաստիարակութիւն մը, ուր քաղաքացին եւ ապա համակարգը կը լիցքաւորես մէկ կողմէ ազգային արժէքներով, բայց նոյնքան` հոգեմտաւոր եւ քրիստոնէական արժեչափերու գիտակցութեամբ: Քաղաքացին պիտի սորվի, թէ ինչպէ՛ս ինքզինք պիտի դաստիարակէ ու կրթէ եւ կերտէ անհատականութիւն: Քաղաքացիին դաստիարակութիւնն է, որ պիտի կերտէ հաւաքականութիւն մը, որ կրնայ զարգանալ եւ յառաջխաղացք արձանագրել: Յառաջացած հաւաքականութիւնն է, որ կը ստեղծէ ամուր պետականութիւն:

Կրցա՞նք երեսուն եւ աւելի տարիներուն ընթացքին դաստիարակել հայ անհատը եւ հաւաքականութիւնը, որպէսզի կարենանք կերտել ուժեղ եւ հզօր պետականութիւն:
Քրիստոնէական աստուածաբանութեան գլխաւոր հիմքը մարդը վերաշինելու մէջ է: Այն մարդը, որ շեղեցաւ Աստուծոյ պատկերէն: Բայց Աստուած յոյսը չկորսնցուց: Ան մարմնացաւ, աշխարհ եկաւ, խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը վերաշինէ իր շնորհած Նոր Կեանքով: Այս Նոր Կեանքը Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհքն է մարդուն, որպէսզի ան վերաշինուի: Աստուած մարդը վերաշինեց, որպէսզի նոյն մարդը ուրիշը վերաշինէ:

Ճափոնի մարզիչը ցոյց տուաւ իր ստացած քաղաքացիական դաստիարակութեան եւ անոր արժէքին նկատմամբ բարձր գիտակցութիւն մը: Ան վերաշինուած քաղաքացին է, որ գիտէ յարգել իր անձը, երկիրն ու ուրիշը եւ այս բոլորին մէջէն յառաջխաղացք արձանագրել, նոյնիսկ երբ ան պարտութիւն կրեց:
Ճափոնի մարզիչը խոնարհեցաւ:

Կարգը այսօր հայ անհատին եւ քաղաքացիին է: Ասոնց անպայմանօրէն պիտի յաջորդէ հայ հաւաքականութիւնը եւ պետականութիւնը: Ճիշդ է, որ մենք այսօր յուսալքուած, տկար եւ պարտուած կը զգանք, բայց այդ յուսալքուածութիւնը, տկարութիւնը եւ պարտութիւնը կրնանք յաղթահարել, վերաշինել եւ յաղթանակ կերտել:
Պիտի վերաշինենք հայը եւ հայուն հաւաքականութիւնը, նաեւ` պետականութիւնը:
Այս կը սկսի, երբ հայը կը խոնարհի: Եւ խոնարհութեան մէջէն հայը կը մեծնայ ու կը հզօրանայ:
Երբ Ճափոնի մարզիչը կը խոնարհի: Բայց նաեւ` հայը:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Գլխավոր լուսանկարը՝ Alex Grimm-ի

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031