Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Զօրակցինք Արցախին, որ ան չենթարկուի Մուսա Լերան ճակատագրին. Ի նպաստ Արցախի զօրակցական հաւաք Այնճարի մէջ

Դեկտեմբեր 29,2022 10:34

«Եռագույն» – Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք՝ Արցախի ժողովուրդին հետ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց ընկ. Յակոբ Այնթապլեան, որուն ընթացքին անդրադարձաւ, թէ Հերոսական Արցախը այսօր դարձեալ շրջափակուած է նոյն եւ միեւնոյն արիւնառբու թշնամիին կողմէ եւ շեշտելով ըսաւ,- «Պէտք չէ թոյլ տալ Արցախի հայաթափման. Ուստի զօրակցինք Արցախին, որ ան չենթարկուի Մուսա Լերան ճակատագրին. Զօրակցիլ Արցախին կը նշանակէ արիւն ներարկել անոր, սնուցել զայն, յոյս տալ մեր ժողովուրդին եւ վառ պահել ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի դարաւոր երազը»։

Բացման խօսքէն ետք, օր. Յասմիկ Այնթապլեան նուագեց «Կեանք Ու Կռիւ» ժապաւէնի երաժշտութիւնը, ապա Տիկ. Արփա Սնապեան Անտոնեան ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ, որմէ ետք ներկաները ունկնդրեցին Արցախի նուիրուած երգ մը:

Օրուան պատգամը ուղղեց Զաքար Քէշիշեան. ան ըսաւ,- «Խորհրդային իշխանութեան օրերուն Արցախէն հայաթափումը անխուսափելի կը թուէր ըլլալ: 1988-ին երբ Լիբանանի հեռատեսիլի կայաններէն տեսանք հոծ բազմութիւնները, որոնք Հայաստանի հետ «Մի՛-ա-՛ցու՛մ» կը վանկարկէին, թունդ-թունդ ելան հայոց սրտերը: Ոգեւորութեան ալիքը հասաւ Երեւան, ուր, ի տարբերութիւն այս օրերուն, մարդաշատ եղան ցոյցերն ու պահանջատիրական հաւաքները, որոնց ընթացքին մեր հայրենակիցները «Ղարաբաղը մե՛րն է, հայը անոր տէ՛րն է» կ՛աղաղակէին: Հայրենի այս համընդհանուր զարթօնքին ի տես` պայքարէն անմասն չմնաց նաեւ սփիւռքը:

Արցախահայութեան արդար պահանջը` միանալու մայր Հայաստանին, ամէն հայու բաղձանքն ու առաջնահերթութիւնը եղաւ: Մենք յաղթեցինք` ազատագրելով հայրենի տարածքներ ու սկսանք զարգացնել մեր կեանքն այնտեղ: Պատերազմը յաղթելէ ետք, խաղաղութիւնն ալ յաղթել չկարողացանք սակայն: Մեր հայրենասիրութեան ու խելահասութեան հաւաքական մակարդակը չբաւարարեց ո՛չ միայն պահել պահպանելու ծով արեամբ ձեռք բերուածը, այլ նաեւ կորսնցուցինք շատ աւելին: Տուինք բազմահազար նահատակներ, կորսնցուցինք Լիբանանի չափ հայրենիք, գլխիկոր մնացինք միջազգային հանրութեան առջեւ, մնացինք միայնակ ու մոլոր: Անաւարտ պատերազմը կը շարունակուի, ու փոքրացած Արցախի աւելի քան 120 հազար հայրենակիցներ այսօր արդէն շաբաթէ մը ի վեր կը մնան արգելափակուած անհեթեթ պատճառաբանութեամբ: Միջազգային ընտանիքը լուռ է ու մեղսակից: Թշնամին ամէն միջոցի կը դիմէ բարոյալքելու արցախահայութիւնն ու զանոնք մղելու հայրենաթափութեան: Մարտահրաւէրը մեծ է ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս` արցախահայութեան համար: Անոնք այսօր կրկին կ՛ապրին կեանքի տխուր, անորոշ ու վտանգաւոր նոր փուլ մը: Պատերազմը դեռ չէ աւարտած, ու թշնամիին ձեռագիրը նոյնն է: Քաղաքական ու բարոյահոգեբանական այս դժուարին օրերուն կա՛մ անյապաղ կը զգաստանանք, դուրս կու գանք անկարի ու պարտեալի ընկճախտէն, կը համախմբուինք ազգային առողջ ու ձեռնհաս ուժերու շուրջ ու վերագտնելով մեր ազգային ու ոգեղէն երբեմնի գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը` կը շտկենք մեր մէջքը ու կը գտնենք համագործակցութեան եզրեր միասնական պայքարի, եւ կա՛մ ալ այս ընթացքով յիրաւի կը թերթենք մեր պատմութեան վերջին էջն ու մեր մասին ալ, այլազգիներ, այնպէս` ինչպէս Ասորեստաններու պարագային, կը սերտեն ընդհանուր ազգաց պատմութեան դասագիրքերէն:

Ահաւասիկ այս գիտակցութեամբ է, որ այսօր հաւաքուած ենք այստեղ` մեր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելու արցախցի մեր անկոտրում քոյրերուն եւ եղբայրներուն»։

Հաւաքը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031