Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Առանց բառերը արտասանելու, յայտարարուեցաւ, որ փրկութիւնը դարձեալ պիտի գայ արցախէն. «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 26,2022 10:26

Ստեփանակերտի Վերածննդեան հրապարակը Կիրակի, 25 Դեկտեմբերին, անգամ մը եւս յորդեցաւ բազմատասնեակ արցախցիներով, որոնք մէկ բռունցք դարձած, բռունցքները ամուր պարզած, Ո՛Չ ըսին Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսելու (եւ տեսնողներու) բոլոր փորձերուն, վերահաստատեցին հայրենի հողին համար իրենց կեանքը զոհաբերած, ազերի բռնագրաւողներն ու բռնադատողները հայրենի հողէն վանած նահատակներուն պատգամին հաւատարմութեան ուխտը, կրկնեցին ու կրկնեցին՝ «Մենք հո՛ս ենք ու պիտի մնանք», միաժամանակ դատապարտելով բոլոր այն անտարբերները, որոնք 14 օրէ ի վեր կոյր ու խուլ կանգնած են Արցախի ամբողջական պաշարումի իրականութեան դիմաց:

Արտասանուած խօսքերուն մէջէն, կարմիր թելի պէս անցան քանի մը հիմնական գաղափար, մտածում, իրականութեանց վերյուշ.

– «Արցախը չէ եղած ու պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի մաս», «Արցախը հոս էր հազարամեակներ շարունակ, ինչպէ՞ս կրնար մաս կազմել հազիւ դար մը առաջ ծնունդ առած՝ շինծու Ատրպէյճանին»,

– «Աւելի քան 30 տարի առաջ, Արցախ բիւր զոհաբերումներով շահեցաւ եւ հաստատեց իր ինքնորոշման իրաւունքը, ազատագրուեցաւ եւ պետութիւն հիմնեց հայութեան ձեռքերուն միացումով, արցախցիին, հայաստանաբնակին եւ սփիւռքահայուն միասնութեան շնորհիւ»,

– «14 օրէ ի վեր, ազերիական պաշարումը եթէ անմիջականօրէն անմարդկային ոճիր է, անիկա կը քողարկէ աւելի հեռահաս եւ տարածուն ոճիր մը՝ Արցախի հայաթափումն ու վերջնական կորուստը»,

– «Բնապահպանութեան պատրուակով՝ յիշեալ յետին ծրագիրները հետապնդողները կը քողարկեն Պաքուի ոճրային ու ցեղասպանական դիտաւորութիւնները, որոնք շարունակութիւնը պիտի ըլլան աւելի քան դար մը առաջ Թուրքիոյ կազմակերպած եւ գործադրած Ցեղասպանութեան, իսկ եթէ իսկապէս բնապահպան են, թող երթան եւ Պաքուի եւ Սումկայիթի ապականած կենսորորտը մաքրեն»,

– «Արցախի պաշարումը չսկսաւ 14 օր առաջ, այլ սկսաւ այն օրէն, երբ պարտութիւն կրեցինք 44-օրեայ պատերազմին եւ հսկայական տարածքներ, կեանքեր կորսնցուցինք, ապա կորսնցուցինք Բերձորն ու Աղաւնոն», «Աղաւնոն եւ այլ շրջաններ կորսնցուցինք սխալներու հետեւանքով»,

– «Մեր կորուստներուն համար, պէտք չէ բաւականանանք միայն արտաքին թշնամին տեսնելով, որովհետեւ ունինք նաեւ ներքին թշնամիներ» (յստակօրէն ակնարկուեցաւ, որ թշնամին մէկ է, այսինքն՝ թուրքն ու ազերին, սակայն քաղաքավարութիւնն ու քաղաքական հասունութիւնը թելադրեցին, որ յականէ-անուանէ չյիշատակուին «ներքին թշնամիները», այսինքն՝ Արցախէն ձեռք լուացող, զայն Ատրպէյճանի խնամատարութեան յանձնելու պատրաստուողները),

– «Մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ ազնիւ բաներու պաշտպան աշխարհը՝ կազմակերպութիւններ եւ մրցանակաւորներ ինչո՞ւ ձեռնածալ եւ անտարբեր կը մնան Արցախի ժողովուրդին դէմ գործադրուած այս ոճիրներուն հանդէպ, մինչդեռ Արցախը բոլորին աջակցութեան կը կարօտի», (չկրկնեցին բանաստեղծին խօսքերը. «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնեմ քու ճակատիդ»),

– «Պէտք է վերջ տալ թմբիրի մէջ մնալու վիճակին, պէտք է վերջ տալ խաղաղութիւն մուրալու ընթացքին» (ուղղակի արձագանգ՝ Երեւանի մէջ ամիսներ շարունակ հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն հնչեցուցած «Զարթի՛ր Լաօ՛», եւ անուղղակի արձագանգ՝ Խրիմեանի «Երկաթէ շերեփ»ի կոչերուն),

– «Նահանջի տեղ չունինք, կառչած պիտի մնանք մեր հողին, ոչ մէկ զիջում ընդունելի է, յաղթանակը միակ ընտրանքն է»,

– «Բերձորի ճամբան սակարկութեան կամ քաղաքական խաղերու նիւթ չի կրնար ըլլալ», «(Իշխանաւորները) պէտք չէ խաբեն ժողովուրդը»,   «Ժողովուրդի թիկունքին   համաձայնութիւններ պէտք չէ գոյացնել»,

– «120 հազար արցախցի, որոնց շարքին՝ 30 հազար մանուկ մատնուած են օրհասական վիճակի, ճամբան պէտք է վերաբանալ եւ զայն մի՛շտ բաց պահել, Ատրպէյճան պէտք է վերջ տայ զայն ճնշումի լծակի վերածելու իր խաղերուն»,

– «Ռուս խաղաղապահները ապաւէն են, պէտք է ապաւէն մնան»,

-«Միասնութիւն… միասնութիւն… միասնութիւն…» «Պայքար… պայքար մինչեւ վերջ»:

Կրնանք հետեւցնել. Արցախը դարձեալ բարձրացուցած է ազատագրումի դրօշը, ինչպէս ըրած էր աւելի քան 30 տարի առաջ (31 Հոկտեմբերի հաւաքի օրերուն, պաշարումը այսքան խիստ չէր, հիմա կ’ապրինք Արցախի պատերազմի սկզբնական օրերը): Առանց բառերը արտասանելու, յայտարարուեցաւ, որ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՐՑԱԽԷՆ, անկէ պիտի սկսի նոր յաղթարշաւը, սակայն կենսական է, որ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք վերամիասնութիւնն ու բռունցքներու միացումն ալ վերականգնին առաջին օրերու հետեւողութեամբ:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031