Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Իշխանութիւններուն կրաւորականութիւնն ու ձեռնածալութիւնը արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք արդարացնել. հին վիհերու նոր խորացում. «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 24,2022 11:14

Վերջին օրերուն, մասնաւորաբար Արցախը Հայաստանին կապող ճամբան փակելու ազերիական պետական ոճիրին իրականացումէն ասդին (հիները չենք մոռցած), Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ աւելի՛ ակներեւ ու մտահոգիչ դարձան երկու գիծեր, որոնք որոշ հնութիւն ունեցող «մանր վիհերու» յաւելեալ խորացումը կը ցոլացնեն եւ արդէն իսկ հնչող ահազանգերու համերգին կ’ընկերացնեն նորեր: Այդ զարգացումներուն խորագիրներն են ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄՆԵՐ եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԻԱ ՀԱԿԱՃԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ:

Չենք ուզերերկար ցանկագրումներ կատարել, թէ ինչպէ՞ս կը դրսեւորուին կամ կ’արտայայտուին այս մտահոգիչ գիծերը, այլ կը բաւականանանք միայն մէկ-երկու նշումով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ գիծին վրայ, մինչեւ իսկ 44-օրեայ պատերազմէն եւ 9 Նոյեմբերի չըլլալիք, անբարունակ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, Ստեփանակերտի եւ Երեւանի իշխանական վերնախաւին մէջ «նոյն լեզուն խօսելու» վիճակը բացայայտ էր, հակառակ ընդդիմադիրներու արտայայտած անհամաձայնութիւններուն, զգուշացման հրաւէրներուն: Արցախցիք ընդհանրապէս զգուշաւոր էին, չէին նախընտրեր յականէ-անուանէ հակադրուիլ Երեւանի ձախաւերներու խմբակին (չմտնենք նաեւ պատճառներուն ծալքերուն մէջ): Սակայն հիմա, երբ Բերձորի ճամբան ահաւասիկ աւելի քան 10 օրէ ի վեր կղպուած կը մնայ (յիշենք, որ Բերձոր-Աղաւնոյ գօտիին յանձնումի օրերուն իսկ որոշ միաձայնութիւն կը տիրէր), Ատրպէյճան եւ Թուրքիա նուազագոյն տրամադրութիւնն իսկ ցոյց չեն տար դրական քայլ առնելու, ոտքի սրփիչի վերածած են Մ.Ա.Կ.-էն մինչեւ Եւրոպա հնչած՝ «ճամբան պէտք է անյապաղ վերաբացուի» կոչերը, ահաւասիկ այս փուլին՝ արցախցիք շատ յստակօրէն բռնած են Երեւանի իշխանաւորներուն որդեգրած ընթաքէն տարբեր, չըսելու համար շեշտակիօրէն հակադիր ուղի: Մինչեւ իսկ Փաշինեանի երդուեալ գործակից Արայիկ Յարութիւնեանը սկսած է տարբեր լեզու գործածել, իսկ անկէ քանի մը քայլ անդին գացին անոր արտաքին գործոց նախարարն ու (Մ.Ա.Կ.-ի Երեւանի գրասենեակին առջեւ մօտաւորապէս շաբաթ մը նստացոյց ըրած) պետական նախարարը: Ընդդիմադիրներուն կեցուածքը շատոնց յստակ էր: Հիմա, բոլորն ալ ուժեղ կամ մեղմ կերպով արձագանգ են Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ բազմատասնեակ հազարաւոր ցուցարաներու այն կամքին, թէ Արցախը չէ եղած, պիտի չըլլայ, չի՛ կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, որովհետեւ ատիկա պիտի նշանակէ վերջնական հայաթափում, ջնջումը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Արցախին: Ասոր դիմաց, Ատրպէյճանի հասցէին Փաշինեանի, անոր պոչիկներուն՝ նախարարներու, խորհրդականներու եւ ՔՊ-ական ջոջերու հնչեցուցած քննադատարակ խօսքերը (Ատրպէյճան ցեղասպանութեան կը պատրաստուի, անմարդկային վարմունք կը ցուցաբերէ ճամբան փակելով եւ այլն) անկարող մնացած են սրբագրելու այն հաստատումը, թէ Արցախը ապագայ ունի Ատրպէյճանի կազմին մէջ, թէ՝ արցախցիք իրենք են պատասխանատուն Ատրպէյճանի հետ իրենց յառաջիկայ յարաբերութիւններուն (հոս արդէն նոյն լեզուն կը խօսին Փաշինեաններն ու Ալիեւներ, Էրտողաններն ու Չաւուշօղլուները):

Կրկնենք, Անցեալին նշմարուած որոշ հակադրութիւնները՝ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ, աղաղակող կերպով աւելի հնչեղ են հիմա, ստեղծուած վիհը կը տանի դէպի յաւելեալ խորացում, վիճակ՝ որ կրնայ մահացու, առնուազն ծանր վնասներ պատճառող հարուած տալ մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ (պէտք ունի՞նք կրկնելու, որ Արցախն ու Հայաստանը մեր պատմական հայրենիքին անբաժան ու անբաժանելի մասնիկներն են, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ մասնիկները, իսկ արցախցիք ասիկա շատ աւելի լաւ գիտեն վաղուց, գոնէ այն օրէն, երբ օր մը յայտարարեցին. «Եթէ Հայաստանը իրեն պիտի չմիացնէ Արցախը, մենք Հայաստանը պիտի միացնենք Արցախին»: Սա զգացական ու հռետորական արտայայտութիւն չէր, այլ ամբողջական Հայաստանի դատին հաւատարմութեան կամքի արտայայտութիւն: Չերկարենք: (Չենք ուզեր մտածել իսկ, թէ վաղը՝ պաշարման անսահման երկարաձգման պարագային, ինչպիսի՛ հարկադրանքներ պիտի ճնշեն հողին կառչած քաջարի ժողովուրդին վրայ):

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՌՈՒՍԻԱ հակադրութիւնն ալ, իշխանութեանց մակարդակին վրայ, նոր խորացումի դրսեւորումներ կը գտնէ վերջին օրերուն: Բերձորի ճամբուն փակման պատասխանատուութիւնը եթէ Երեւանի իշխանաւորներուն համար անմիջականօրէն Ատրպէյճանի յանցագործ վարմունքն է (եւ սա Թուրքիոյ «ձագուկ» այն Ատրպէյճանն է, որուն հետ առանց նախապայմանի խաղաղութեան եւ գործակցութեան էջ բանալու կը վազեն հաւկուրները), մօտաւորապէս նոյնքան ուժեղ մեղադրանք կը հնչէ Ռուսիոյ հասցէին, թէ՝ «Ռուսիա պատասխանատու է Արցախի ապահովութեան ու պէտք է կտրուկ քայլերու դիմէ ճամբան վերաբանալու համար»: Եռակողմ յայտարարութեան տակ Փաշինեանի դրած ստորագրութիւնը կը լուսանցքայնացուի (իսկ ըսել՝ որ Փաշինեան հակառակ իր կամքին ստորագեց զայն՝ չի մեղմացներ անոր յանցապարտութիւնը, մեղսակցութիւնը): Փաշինեան կը խօսի այնպիսի՛ պահանջկոտութեամբ (նեղ տրամաբանութեամբ կարելի է ձայնակցիլ անոր), որ կարծէք թէ 9 Նոյեմբերի պարտութիւնը ինք չէր սարքած, թէ՝ ռուս խաղաղապահները իր հրահանգով (եւ ո՛չ թէ պարտեալին աղաչանքով) մտան Արցախ, ուրեմն, հիմա իրաւունք ունի այսպէս՝ մեղադրական ոճով պահանջներ դնելու անոնց ճիտին (այս տողեր չեն նշանակեր, թէ ռուս խաղաղապահները բոլորովին անմասն են, այլ այն, որ կայ շատ աւելի լայնածիր փոթորիկ մը, որուն դիմաց Երեւանի վարիչները կուրութիւն կը խաղան եւ բանիւ եւ գործքով կը միանան Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի արշաւին, իսկ Ռուսիա նախ եւ առաջ լծուած է ի՛ր շահերու պաշտպանութեան, Երեւանի կրաւորականութեան դիմաց, կը փնտռէ-կը գտնէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ «եոլա գնալու» ձեւեր, մինչեւ…): Հակադրութեան խորացման նորագոյն արտայայտութիւնը, ի պատասխան Փաշինեանի լուռ մեղադրանքներուն, անմիջապէս հնչեց Մոսկուայէն, մէկ աւելի բանբերներու բերնով: Անոնք անգամ մը եւս անընդունելի նկատեցին այս մեղադրանքը, որքան ալ որ անիկա հաճելի հնչէ… Ռուսիոյ հակադրուողներուն ականջներուն:

Հազար ու մէկ հարցականի շարքին, պէտք չէ անտեսել այն, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կրաւորականութիւնն ու ձեռնածալութիւնը, Արցախէն ձեռք լուացած ըլլալը արդեօք ինչպէ՞ս կրնանք արդարացնել: Այս սիւնակին մէջ այդ «թղթածրար»-ին քննարկումը չենք ուզեր ընել, այլ կը բաւականանանք շեշտելով, որ Երեւան-Մոսկուա հակադրութեան վիհին յաւելեալ խորացումն ալ բարիք չի խոստանար Հայաստան-Արցախ հայրենիքին:

Մէկ կողմէ՝ Հայաստանի, իսկ միւս կողմէ Արցախի եւ Ռուսիոյ իշխանութեանց միջեւ ըստ ամենայնի աննկատ մնացող, առնուազն բաւարար ուշադրութիւն չգրաւող՝ խորացող վիհերը (անշուշտ որ ուաշադիրներ եւ մտահոգներ կան) շատ աւելի մտահոգիչ կը դառնան, եթէ աչքի առջեւ ունենանք մեր հայրենիքին վրայ ազդեցութիւն ունեցող շարք մը զարգացումներ, որոնք ընդհանրապէս բարիք չեն խոստանար եւ այլապէս խորապատկերներ կը կազմեն յիշեալ իրադրութեանց:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031