Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Միջազգային ընտանիքը գէթ ներկայիս պատրաստ չէ ամբողջական ճակատումի մը երթալու Ատրպէյճանի հետ. «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 24,2022 10:10

Արցախը Հայաստանի կապող միակ ուղիին՝ Բերփորի (Լաչին) միջանցքին փակման ամբողջ պատասխանատուութիւնը ռուսական կողմին ուսերուն բեռցնելու Երեւանի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը շարունակութիւնն է Փրակայի մէջ ձեռքբերուած այն համաձայնութեան, թէ Հայաստան պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու՝ հիմք ունենալով Մ.Ա.Կ.-ի կանոնագրութիւնը եւ քսանմէկ դեկտեմբեր 1991-ին կնքուած Ալմա Աթայի հռչակագիրը, որուն հիմամբ, նախկին Խորհրդային Միութեան կանոնագրութեամբ հռչակուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանի կազմին մէջ կ՛իյնայ։ Այլ խօսքով, Արցախի հարցը փակուած է, որովհետեւ Արցախը անկախ պետութիւն չի կրնար հռչակուիլ, պարզ այն պատճառով,որ Հայաստանի իշխանութիւնները երբ կ՛ընդունին Ալմա Աթայի հռչակագիրը՝ իբրեւ հիմք խաղաղութեան համաձայնագրի մը, ինքնիշխան Արցախի տեսլականը յօդս կը ցնդի։
Խնդրին էութեան մէջ արդէն իսկ հիմնական տարանջատում կատարուած է։ Այլեւս գոյութիւն չունի Արցախի ինքնիշխան հանրապետութիւն եզրը եւ զայն փոխարինած է «արցախցիներու մարդկային իրաւունքներու երաշխաւորման խնդիր» ձեւակերպումը, որուն կապակցաբար առաջին եւ վերջին պատասխանատուն, ըստ Երեւանի իշխանութիւններուն, ռուսական խաղաղապահ ուժերն են,որոնք ինը նոյեմբերի համաձայնութեամբ պիտի երաշխաւորեն,որ Բերձորի միջանցքը բաց մնայ եւ Արցախը Հայաստանի կապէ։

Մինչ այդ, Ազգային Ժողովին մէջ քննարկումները, որոնք կատարուեցան Լաչինի միջանցքին փակմամբ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ, վերածուեցան սուր բանավէճի՝ իշխանութիւններուն եւ խորհրդարանական ընդդիմութեան միջեւ, որ կը պնդէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ընելիք եւ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին՝ ստեղծուած սուր իրավիճակին կապակցաբար։ Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, թէ Երեւանի իշխանութիւնները իրենց կարելիութիւններուն մէջ գտնուող բոլոր ազդակները եւ լծակները կը գործածեն՝ իրավիճակին մէջ բարեփոխում կատարելու համար, ապացոյցը եղաւ այն իրողութեան, որ Երեւանի ունեցած լծակները առաւելաբար դիւանագիտական են, որովհետեւ Ազգային Ժողովին մէջ կայացած քննարկումներէն ժամեր ետք Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդը քննարկեց միջանցքին փակման խնդիրը եւ Ատրպէյճանի կոչ կատարուեցաւ՝ վերաբանալու միջանցքը։ Անշուշտ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդի քննարկումներուն հետեւող քաղաքական մեկնաբաններուն ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն իրողութիւնը, թէ Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամ հինգ պետութիւններուն ներկայացուցիչները առաւել կամ նուազ չափով հասցէագրեցին խնդրին էութիւնը, սակայն առաւելաբար մնացին ընդհանուր մեկնաբանութիւններու ծիրին մէջ, կամ լաւագոյն պարագային իրենք զիրենք գովաբանեցին, թէ իրենք կը ջանան թնճուկային իրավիճակը քակել եւ կացութիւնը բարելաւել։Այս իմաստով ռուս ներկայացուցիչը խլեց առիւծի բաժինը։ Խնդիրը նաեւ այն է, թէ բանաձեւ կամ յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ՝ Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդին անունով։ Այս իմաստով յստակ էր, թէ Հայաստան չէր յաջողած բանաձեւի նախագիծ մը ներկայացնել, որովհետեւ քննարկուած նիւթին կապակցաբար, ճիշդ է,թէ արցախանպաստ որոշ կեցուածքներ անջատաբար արտայայտուեցան, սակայն միջազգային ընտանիքը գէթ ներկայիս պատրաստ չէ ամբողջական ճակատումի մը երթալու Ատրպէյճանի հետ։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031