Եթէ բնապահպանութիւնը պատրուակ էր միջանցք փակելու, ապա միջանցքի փակումը առիթ էր Արցախի շրջափակումի քննարկումը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ տեղափոխելու: Արցախի խնդիրին շատ արագ վերամիջազգայնացումը հարուած է նաեւ «Արցախի հարցը անցեալ է» թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքին:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի յայտարարութեան մէջ ամէնէն յատկանշականը այն էր, որ Միացեալ Նահանգներ կոչ կ՛ընէին Ազրպէյճանի կառավարութեան եւ այլ կողմերուն, որոնք պատասխանատու են միջանցքի անվտանգութեան համար, կարելի եղածին չափ արագ ապաշրջափակելու Լեռնային Ղարաբաղը: Ազրպէյճանին վերաբերող ուղղակի հասցէականութենէն կար այստեղ անուղղակի թիրախ «այլ կողմերը»:
Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչի խօսքին մէջ ակնարկ չկար եռակողմ յայտարարութեան. մինչ ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը կոչ կ՛ընէր Ազրպէյճանին յանձնառու մնալու եռակողմ յայտարարութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութեան` երաշխաւորելու քաղաքացիներու, փոխադրութեան միջոցներու, բեռներու երթեւեկութեան անվտանգութիւնը:
Անընդունելի նկատելէ ետք տեղաշարժի արգելակումը եւ անոր պատճառով ստեղծուելիք ծանրագոյն իրավիճակները, Ֆրանսան երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` ստեղծելու միջավայր, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու եւ յառաջընթացի համար:
Կարդացեք նաև
Շատ պարզ է այստեղ ուղերձը: Կը խօսուի նոր բանակցային միջավայր կամ ձեւաչափ ստեղծելու մասին: Աւելի՛ն. ակնարկ կայ Արցախի շրջափակումէն անդին սահմանազատման գործընթացին ո՛չ միայն Փարիզի, այլ նաեւ Պրիւքսելի ներգրաւման հրամայականին մասին. քառակողմ ձեւաչափի վերականգնման առաջադրանքն է, որ կ՛արծարծէ այս ձեւով պաշտօնական Փարիզը:
Մոսկուայի ուղերձը պարզ է: Գետնի վրայ իրավիճակի փուլային հանգուցալուծումը կը կատարուի Ռուսիոյ ջանքերով:
Ուշագրաւ բաժին կայ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խօսքին մէջ: Հայաստանը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ քայլերու ձեռնարկելու, Ազրպէյճանէն պահանջելու վերցնել Լաչինի միջանցքի փակումը, ինչպէս նաեւ փաստահաւաք առաքելութիւն տեղակայել Լաչինի միջանցքին մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ խաղաղապահ առաքելութեան ջանքերը չեն արդիւնաւորուած. ուստի հրամայական է, որ ՄԱԿ-ը ներգրաւուի փաստահաւաք առաքելութեամբ: Կը պահանջուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն գործադրել տալ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան պայմանաւորուածութիւնները:
Այստեղ խառն բաժին կայ. ակնկալել ՄԱԿ-էն, որ պարտադրէ Ազրպէյճանին եռակողմ համաձայնութիւնները իրականացնել, կ՛ենթադրէ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան ապահովել միջազգային ճանաչում: Հաստատել ռուսական միջնորդութեան օրինականութիւնը եւ հետեւաբար նաեւ համաձայնիլ տարածաշրջանի ապաշրջափակման համար բացուելիք նոր ուղիներուն վրայ ռուսական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան: Միաժամանակ նաեւ սակայն ՄԱԿ-էն պահանջել ներգրաւուիլ ապաշրջափակման գործընթացին` փաստահաւաք առաքելութիւն իրականացնելով:
Բխելիք յայտարարութիւնը այժմ կոչի սահմաններուն մէջ է: Այս ձեւով սակայն կը սկսի նոր ընթացակարգ մը` հետզհետէ ճնշելու Ազրպէյճանի վրայ. ոչ անպայման մարդասիրական նպատակներով, այլ` տարածաշրջանին մէջ ռուսական ազդեցութեան գօտիներու հակակշռման մղումներով:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: