«Ազդակ». Ազրպէյճան ունի երկու հիմնական խնդիրներ, զորս կ՛ուզէ լուծել անմիջականօրէն: «Զանգեզուրեան միջանցք»-ն ու իրենց նախասիրած քարտէսներու հիման վրայ սահմանազատումն ու սահմանագծումը: Պաքուի ռազմաքաղաքական վարքագիծը ծանօթ է: Բերձորի միջանցքի փակման, եւ նոր երթուղիի բացման համար ազրպէյճանական զինեալ ուժերը յարձակեցան արցախեան տարածքներու վրայ. Բերձորի միջանցքը փակուեցաւ, եւ բացուեցաւ նոր երթուղին, նոր միջանցքը: Նոյն զօրքերը ներխուժեցին հայաստանեան տարածքներ` արագացնելու համար սահմանազատման գործընթացի մեկնարկը: Հիմա բնապահպանական ուժեր երկրորդ անգամ ըլլալով փակեցին Բերձորի նոր միջանցքը` պատրուակելով ընդերքներու, հանքավայրերու շահարկումներն ու անոնց հետ կապուած թէ՛ կենսոլորտային եւ թէ՛ բնական հարստութիւններու պատկանելիութեան խնդիրները:
Թէեւ շղարշուած, այնուամենայնիւ պարզ է բուն նպատակը: Ազրպէյճան այս ձեւով կ՛ուզէ արագացնել նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութեան 9-րդ կէտը, ի՛ր պատկերացումով: Ճանապարհներու ապաշրջափակումը` Նախիջեւան-Ազրպէյճան կապը «Զանգեզուրեան միջանցքով»:
Միջանցք-միջանցքի դիմաց թուրքեւազրպէյճանական առաջադրանքը երանգային վերափոխումով այսօր կը վերածուի ճանապարհային կարգավիճակ-ճանապարհային կարգավիճակի դիմաց բանաձեւի: Այլ խօսքով, Նախիջեւան-Ազրպէյճան բացուելիք ճանապարհին, եթէ հայկական կողմը անցակէտեր տեղադրելու ծրագիր ունի, ապա Ազրպէյճանը եւս անցակէտեր պիտի տեղադրէ Բերձոր-Արցախ ճանապարհին: Յամենայն դէպս, երկու պարագաներուն ալ, ըստ հրադադարի յայտարարութեան վեցերորդ եւ իններորդ կէտերուն, արձանագրուած է ռուսական զօրքերու ապահովական վերահսկողութեան բաժինը:
Այս բոլորին մէջ նախ նկատենք, որ ո՛չ սահմանազատումը իրականացած է, ո՛չ ալ «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը, հակառակ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութեան:
Կարդացեք նաև
Հիմա տեսնենք անմիջականօրէն եւ ստեղծուած այս վիճակին մէջ հայկական կողմի հաւանական առաւելներ ապահովելու առիթը:
Քաղաքական առաւել կրնայ արձանագրուիլ, որովհետեւ աւելիով կը հիմնաւորուի «ճանաչում յանուն փրկութեան» բանաձեւումը. այլ խօսքով` ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի իրացման անյետաձգելիութիւնը: Ազրպէյճանին մաս չկազմելու եւ անկախ ապրելու իրաւունքը աւելի քան արդարացուած է` ցեղային զտման չենթարկուելու համար: Անկախ կարգավիճակը բացարձակ պայման է ցեղային զտման չենթարկուելու համար:
Վերջապէս, միջազգային արձագանգով, մարդասիրական աղէտին առընթեր ցեղային զտումի վտանգի միջազգային շրջանակներու մէջ արծարծումով հետզհետէ Արցախի հակամարտութիւնը կը վերամիջազգայնանայ: Պաքուն կը ձախողի «Արցախի հարցը անցեալ է» իր առաջադրանքին մէջ:
«Բնապահպանական» այս գործողութիւնները կրնան ծառայած ըլլալ հակամարտութեան ձեւակերպումը վերադարձնելու իր էութեան: Բան մը, որ հիմնովին փոխուած էր 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններով դարձած Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան: Հիմա առիթ կայ հակամարտութեան` Ազրպէյճան-Արցախ ձեւակերպումը վերաամրագրելու:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: