Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՀՅԴ-ին եւ ՌԱԿ-ին, երէկ` երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` Արցախի ժողովուրդին հետ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Կալի Աւագեան, որ նաեւ ներկայացուց յայտագիրը: Այնուհետեւ առցանց խօսք առին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան: Ապա սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց «Երգ յիշատակի» երգը:
Օրուան պատգամը երեք կուսակցութիւններուն անունով ուղղեց Զաքար Քէշիշեան, իսկ Անի Եփրեմեան ասմունքեց «Արցախ» քերթուածը: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: