Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ապատեղեկատուութիւնը քաղաքական զէնք է: Ի՞նչ կ’ընենք պայքարելու համար ատոր դէմ. Պալեան

Դեկտեմբեր 19,2022 13:56

ՔԱՂԱՔԱԿԻՐԹՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՆԵՆԳԱԲԱՐՈՅ ԵԶՐ` ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Հայրենիք». Արցախի ազատագրական շարժման առաջին օրէն, դիւանագիտական եւ լրատուական հարթակներէն տեւաբար հոլովուեցան ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆ եւ ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ եզրերը: Ո՞վ չէ լսած բանգէտներու միջազգային քաղաքական եւ լրատուական էջերէն հնչեցուցած SEPARATIST-ը եւ SEPARATISM-ը, այդ եզրերը կրկնող «բանիմաց» նախագահները, դեսպանները, մանաւանդ՝ խօսափող զբաղեցնող եւ էջ մրոտող լրագրողները որոնք անպարկեշտութեամբ, իրենց ասպարէզի պահանջած պատասխանատուութեամբ չեն ուզած ճշդել, թէ ո՞ւր կը գտնուին ճշմարտութիւնը, իրաւունքը, նախայարձակը, ներխուժողը, անջատողականը:

Եւ Արցախ բառին ընկերացաւ ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆը: Ոչ ոք ըսաւ եւ գրեց ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ : Այդ ըսել անհանգստացնող էր:

Եւ հայրենատէր ԱՐՑԱԽՑԻ ՀԱՅԸ դարձաւ դատապարտելի անջատողական: Բարենիշ տրուեցաւ բռնագրաւողին:

Ոչ ոք ըսաւ, որ այս ամէնաթողութեան վերաբերումը մեղսակցութիւն էր պատմութեան չարագործներուն, պարկեշտ համարուածներու մեղսակցութինը պատմութեան նենգափոխման: Լրագրողներուն, քաղաքական ինքնագոհ հզօրներուն եւ նուազ հզօրներուն չդիմեցինք բողոքով, ըսելով, որ եղած են ներխուժողներ, նախայարձակներ, եւ բնիկ ժողովուրդի մը հայրենիքը բռնագրաւողներ:

Եւ սովորական դարձաւ բնիկ ժողովուրդի իր ինքնութեան եւ իրաւունքի համար մղած արդար եւ բարոյական պայքարը համարել խաղաղութիւնը խանգարող անջատողականութիւն:

Ինչո՞ւ ամէն քայլափոխի օրէնքի եւ իրաւունքի մասին բարձրաձայնող միջազգային դատաւորի իրաւունք ինքնաշնորհածներ, պարկեշտ չեղան եւ չըսին հեռանանք առօրեայական ուշագրաւի եւ զգայացունցի, աղմուկի եւ կամաւոր անգէտի շահախնդրութեան լրատուութենէն եւ դիմենք, անկախ նախասիրութիւններէ՝ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ վկայութեան, արձանագրուած գիրքերու մէջ եղածով, չկողմնորոշուինք, դատենք ըստ մարդոց ստեղծած քաղաքակրթական ժառանգութիւն կոթողներով, որոնք կը խօսին, ինչպէս որ կը խօսին Եգիպտոսի բուրգերը, Հռոմի Քոլիզէն, Քամպոճի ճարտարապետական կառոյցները: Այսօր ի՞նչ պիտի ըլլային վերաբերումները, եթէ Նափոլէոն գրաւած ըլլար Մոսկուան, պիտի ընդունէի՞նք, որ Քրեմլինը կոչ-ուէր ֆրանսական ժառանգութին, Գերմանիան եթէ վերջնականապէս գրաւած ըլլար Փարիզը, պիտի ընդունէի՞նք, որ Նոթր Տամ եկեղեցին եւ Վերսայի պալատը համարուէին գերմանական ժառանգութին: Այդ ընել պիտի ըլլար պատմութեան նենգափոխում եւ ազգի մը իրաւունքի եւ ինքնութեան ոտնակոխում:

Միջազգային համայնքը եւ լրատուամիջոցները մեղանչեցին պատմական ճշմարտութեան եւ իրենց կողմէ ջատագովուած գլխագրուած իրաւունքին դէմ, երբ թութակաբար կրկնեցին separatist եւ separatism եզրերը, փոխանակ խօսելու ներխուժողի եւ բռնագրաւման մասին: Եթէ Նոթր Տամը եւ Վերսայը անվիճելի կերպով Ֆրանսայի կը պատկանին, ինչո՞ւ Աղթամարի եկեղեցին հայուն պիտի չպատկանի, ինչո՞ւ Անիի պարիսպները եւ եկեղեցիները հայուն պիտի չպատկանին: Բռնագրաւողները ի՞նչ ըրած են եւ ե՞րբ, անոնց որպէս տէր ներկայանալու համար:

Միջազգային խաղաղութեան կեղծ ասպետները, լրագրողներ, դիւանագէտներ, եւ այլ իրաւարարներ, շահախնդրութեամբ եւ անգիտութեամբ մեղանչեցին հայոց գլխագիր Իրաւունքին դէմ, եւ առանց անհանգստանալու այդպէս ալ կը շարունակեն: Պատահա՞ծ է որ սեւով ճերմակի վրայ գրուած իրականութիւններով առաջնորդուին, փակագիծի մէջ դնելով կեղծիք, խեղաթիւրում, զէնքով եւ նաւթով գրուած-գրուող հնարովի փաստարկները:

Պատահա՞ծ է որ այս քաղաքական միտքի այլասերման դէմ բողոքենք, ճշդումներ պահանջենք, ի հարկին դատարան դիմենք, պետութիւն, կուսակցութիւններ, պատմաբաններ, իրաւաբաններ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ունինք Armenian Bar Association, որ հայ եւ օտար պատմաբաններու եւ համագործակցութեամբ, կրնայ դատարան առաջնորդել պատմական իրողութիւները խեղաթիւրողներըները, հայ ժողովուրդի իրաւազրկման ոճիրին ուղղակի-անուղղակի կերպով մեղսակիցները:

«Բանգէտ» լրագրողներ եւ նոյնքան «բանգէտ» բոլոր մակարդակներու քաղաքական գործիչներ իրենք իրենց իրաւունք կրնա՞ն շնորհել վանքաշէններու եւ անոնց ժառանգներու ՏԷՐ ըլլալու եւ տէր մնալու պայքարը կոչել ԱՆՋԱՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թերեւս պէտք է սկսիլ զանազան ձեւերով բողոքել, ամէն անգամ որ Արցախի եւ անոր տէր հայը կը կոչեն անջատողական:

Անվարան պէտք է դիմակազերծ ընել պատմութիւնը եւ ճշմարտութիւնը նենգափոխողները, ո՛վ որ ալ ըլլան անոնք, ո՛ւր որ ալ գտնուին: Այս կ’ըլլայ մրցակցութիւններէն վեր սաւառնող իրաւ ազգային քաղաքականութիւն, զոր հետապնդելու համար ոչ ոքէ արտօնութիւն պէտք է սպասել: Նախ բանիմաց հայ մտաւորականը եւ, քաղաքական գործիչը պէտք է հետեւին նենգափոխումներուն եւ պայքարին:

Թէ ի՞նչ ըսին եւ ի՞նչ կ’ընեն (ան)պարկեշտ իրաւարարները: Անվարան դիմակազերծ պէտք ընել նաեւ զանոնք:

Մենք Ի՞նչ ըրինք, որպէսզի քաղաքական եւ լրատուական բառապաշարէն հեռացուի Արցախի օտարման առաջնորդող անջատողական եզրը, որ հզօրներուն շնականութիւնն է, որ հայուն կը մերժէ տալ տիրռջ իրաւունք:

Ապատեղեկատուութիւնը քաղաքական զէնք է: Ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ կ’ընենք պայքարելու համար այդ շնականութեան դէմ: Գէթ այս պայքարին համար, առանց պառակտուելու, ինչո՞ւ մսկոտ չեղող համախոհական ճակատ չենք կազմեր:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031