Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանէն կուսակցութիւններ, միութիւններ եւ զանազան հիմնարկներ, անգլերէն լեզուով լոյս տեսած միացեալ յայտարարութեամբ մը կը քննադատեն Արցախի պաշարումը, որ քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակուի Ատրպէյճանի պետութեան կողմէ, կհայտնէ «Հայրենիք» շաբաթաթերթը։
Իրենք զիրենք բնապահպաններ կոչող ատրպէյճանցիները փակ կը պահեն Բերձորի միջանցքը՝ պաշարելով Արցախի 120 հազար հաշուող բնակչութիւնը։
Այս կապի անջատումը կրնայ մարդկային ահաւոր աղէտ մը ստեղծել, մանաւանդ որ կարելի չէ կատարել սննդամթերքի, մասնաւորապէս, հացի եւ ալիւրի, ինչպէս նաեւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ պարագաներու մատակարարումը դէպի Արցախ:
Սումկայիթի եւ Կիրովապատի (1988), նաեւ Պաքուի (1990) փոկրոմներու նման կացութիւն մը կրնայ ստեղծուիլ, եթէ շուտափոյթ եւ արմատական լուծումներ չկատարուին։
Կարդացեք նաև
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այն ղեկավարներուն, որոնք արդէն իսկ գործի լծուած են, որպէսզի ճնշում բանեցուի Ատրպէյճան վրայ։․․․Կոչ կ՛ուղղենք ամերիկահայ գաղութին, որպէսզի կապ հաստատեն պետական ներկայացուցիչներու հետ, որպէսզի միջամտեն եւ վերջ տան Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն շրջափակման», կ՛եզրակացնէ այս միացեալ յայտարարութիւնը։
Դեկտեմբեր 15-ի թուակիր այս յայտարարութիւնը լոյս ընծայած են․
Ամերիկայի Հայկական Համագումար (Armenian Assembly)
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Դատ
Մեծն Նիւ Եորքի Ամերիկայի Հայկական Ցանց (Armenian Network of America)
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Օգնութեան Միութիւն
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Հայ Ուսանողներու Միացեալ Ընկերակցութիւն
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Առաջնորդարան
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Առաջնորդարան
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
Վարդանի Ասպետներ
Հակական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկին (NAASR)
Ա․Մ․Ն․-ի եւ Քանատայի «Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն