Կիրակի 18 դեկտեմբերի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը սկսաւ իր խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով Լաչինի միջանցքի փակումին համար։ Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնը ուղղուած էր Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերուն, որոնց շարքին 30,000 մանուկներ։ Անոնք ներկայիս կը գտնուին մեկուսացման մէջ եւ աշխարհէն խզուած, ի տես Ազրպէյճանցիներու «բնապահպական» նկատառումներով կատարած Արցախը աշխարհին կապող միակ ճանապարհի արգելափակումին։
«Ինծի մտահոգութիւն կը պատճառէ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հարաւային Կովկասի մէջ։ Մասնաւորէս մտահոգ եմ բնակչութեան մարդկային անկայուն պայմաններուն համար, որոնք վտանգուած են աւելիով վատթարանալու ձմեռային եղանակի ընթացքին» ըսաւ Սրբազան Պապը կոչ ուղղելով հարցին մէջ ներգրաւուած անձերուն որ «յանձնառու ըլլան խաղաղ լուծումներ գտնելու` յանուն մարդոց բարօրութեան»։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում