Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կորսուած ամէն մէկ վայրկեան մահացու է.  Սեւակ Յակոբեան

Դեկտեմբեր 15,2022 17:12

ԿԱՐՄԻՐ ԱՀԱԶԱՆԳ. ՊԱՀԸ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ Է

Կոչ.
Հայաստանի Հանրապետութեան Իշխանութիւններուն
Արցախի Հանրապետութեան Իշխանութիւններուն
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցիի Նուիրապետական Աթոռներուն. Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի Պատրիարքներուն
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Նախագահութեան
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, միութիւններուն, ազգային- հասարակական կազմակերպութիւններուն
Հայկական լրատուական դաշտին ու լրագրող մեր գործընկերներուն
Իւրաքանչիւր հայորդիի. Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ
Հայ ժողովուրդի բարեկամներուն, միջազգային հանրութեան եւ մարդկութեան ընդհանրապէս

Ճգնաժամ է: Պահը ճակատագրական ու օրհասական է: Կորսուած ամէն մէկ վայրկեան մահացու է:

Ինքնորոշման մարդկային իր տարրական իրաւունքէն զրկուած աւելի քան 120,000 հաշուող արցախահայութիւնը շրջափակուած է ազերիներուն կողմէ: Արցախի միակ շնչափողը հանդիսացող Լաչինի միջանցքը փակուած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ անոնց սատարող միջազգային նաֆթային թէ հումքային մեծ ընկերութիւններու կարգադրութեամբ հրահրուած ու արհեստական թեմայով մը փողոց նետուած ազերի վոհմակներու կողմէ: Ազերիները փակած են իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող կազատարը դէպի Արցախ: 120,000 մարդ արարած ցրտահարութեան ենթակայ է: Անոնք կրնան նաեւ շուտով կենսական հոսանքէ զրկուիլ: Ծանր հիւանդութիւն ունեցող հայորդիներ կրնան շուտով դեղամիջոցէ զրկուիլ: Նորածին մանուկներ զրկուած են դուրսէն ներածուող իրենց յատուկ կաթէն ու սնունդէն: Տակաւին տոկացող իւրայատուկ եւ քաջարի ժողովուրդ մը ընդամէնը քանի մը օր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի հաւաքական սովահարութենէ: Իրենց պապենական դարաւոր տուներէն հեռանալու սպառնալիքին տակ է ժողովուրդ մը, մինչ ան ամէն վայրկեան կը դիմագրաւէ ցեղասպանութեան ահաւոր վտանգը:

Հայաստանի իշխանութիւնները պարտին պաշտպանել ու երաշխաւորել իրենց քաղաքացիները հանդիսացող արցախահայութեան ապահովութիւնն ու կեանքը: Դիւանագիտական անմիջական ահազանգ պէտք է հնչեցնել ու լծուիլ գործի արտաքին աշխարհի հետ: Աւելի քան կարեւոր է, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն քաղաքացիական ուղղաթիռներով կենցաղային մթերք փութացնել Արցախ: Հաւանական է, որ Ազրպէյճանի ոճրագործ ղեկավարն ու իշխանութիւնները փորձեն վար առնել զայն: Եթէ համարձակին դիմել այս հակամարդկային քայլին, մարդկութեան դէմ ոճիր մը եւս կ՛աւելնայ իրենց վիզին, որուն համար անոնք ուշ կամ կանուխ օր մը պիտի ԱՆՊԱՅՄԱՆ հատուցեն: Հաւանականութիւնը մեծ է, որ օդաչուն զոհուի: Սակայն մենք հաստատ գիտենք, որ Հայ մայրերը ծնած են ու միշտ կը ծնին քաջ ու անձնազոհ օդաչուներ: Հայաստանի Ազգային Ժողովը, անկախ ամէն հանգամանքէ ու նկատառումներէ անմիջապէս պէտք է շտապ գործընթաց սկսի ճանչնալու Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը:

Արցախի իշխանութիւնները պէտք է արցախահայութիւնը պատրաստել դիմակալելու աւելի ահաւորը: Աւելի եւս խրախուսել ժողովուրդը կառչած մնալու իրենց հողին:

Հայկական եկեղեցիներու զանգերը պէտք է օրն ի բուն անընդմէջ եւ անդադար տագնապալից ղօղանջեն ոտքի հանելով Հայաստանի, Արցախի թէ աշխարհացրիւ հայութեան թեմերն ու համայնքները, ուշադրութիւնը գրաւելով համայն մարդկութեան:

Հայկական կուսակցութիւնները՝ իշխանամէտն ու ընդիմադիրը, զանազան միութիւններն ու կազմակերպութիւնները պէտք է մէկդի դնեն ամէն տարակարծութիւն ու մրցակցութիւն եւ ձեռնարկեն իրենց լսող Հայ ժողովուրդի զաւակները կազմակերպել միահամուռ գործել յանուն այսօրուայ կիզակէտային մեր խնդրին՝ ԱՐՑԱԽԻՆ:

Լրագրող մեր գործընկերները պէտք է զինուորագրեն միջազգային մամուլի աշխատակից իրենց օտար բարեկամները բարձրաձայն անդրադառնալու այն ինչին մասին, որ արցախահայութիւնը կ՛ենթարկուի այսօր:

Իւրաքանչիւր հայորդի, ուր որ ալ կը գտնուի ան պէտք է իրեն առօրեայ աշխատանքներէն ու զբաղուածութիւններէն հրաժարի թէկուզ ճակատագրական քանի մը օր ու իր ժամանակն ու ամէն միջոցները դնէ զոհաբերութեան սեղանին, ունենալով մէկ ու միակ առաջնահերթութիւն. ՀԱՍՆԻԼ ԱՐՑԱԽԻՆ: Իւրաքանչիւրս մեր հասանելիութեան սահմաններուն մէջ եւ ոչ միայն, պէտք է անյապաղ շրջապատենք ու փակենք մեծ պետութիւններու դեսպանութիւններու դռները, ՄԱԿի նրկայացուցչական գրասենեակներուն շէնքերը: Ամէն հայորդի պէտք է օրն ի բուն դիմէ իր ընտրած երեսփոխաններուն ու սենատներու անդամներուն պահանջելով ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԻՆ: Իսկ այն հայորդիները, որոնց Աստուած ֆինանսական կարողութիւններ ունենալու շնորհքը պարգեւած է, թող միջազգային ազդու մամուլի էջեր գնեն Արցախի իրավիճակին մասին ծանուցողական գովազդներ տարածելու համար:

Մարդկային իրաւունքներու ջատագով իւրաքանչիւր ազնիւ մարդ արարած պէտք է մօտեն հետաքրքրուի ու իմանայ օր ցերեկով Արցախի մէջ տեղի ունեցող մարդկային աղէտին մասին, որ ամօթանքի խառան է ժամանակակից իւրաքանչիւր մարդու ճակատին եթէ ձեռնածալ նստի:
Այսօրուայ հրամայականը ՊԱՅՔԱՐՆ է յանուն Արցախին: Յանուն մարդկային արժանապատուութեան: Վերոյիշեալը ընդամէնը պայքարի ճանապարհի համեստ քարտէս է: Իւրաքանչիւրս իրը կրնայ ծանուցել, մէկ ու միակ նպատակ ունենալով այսօր՝ ՓՐԿԵԼ ԱՐՑԱԽը: Թոյլ չտալ, որ ան ենթարկուի Կիլիկիոյ, Արեւմտեան Հայաստանի կամ Նախիջեւանի ճակատագրին:

Վաղը արդէն ուշ է:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031