Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արեան կանչը տակաւին կը լսուի եւ պիտի լսուի այնքան ատեն, որ արդարութիւնը չէ հաստատուած․ «Հայրենիք»

Դեկտեմբեր 11,2022 12:00

Դեկտեմբեր 1-ին Լեհաստանի Լոծ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի նախարարական համաժողովը, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ յանձին երկրի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի: Բնականաբար, իբրեւ երկրի դիւանագիտութեան պետ, նախարար Միրզոյեան այս համաժողովի շրջանակներուն մէջ առանձին հանդիպումներ ալ պիտի ունենար մասնակից երկիրներու իր պաշտօնակիցներուն հետ: Այս առիթով ալ ոտքի վրայ հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, եւ այս արագ հանդիպումին տարածուած լուսանկարները բաւական խօսուն էին… Բայց այդ պատկերները որեւէ զարմանք չպատճառեցին մեզի: Վերջ ի վերջոյ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են «Խաղաղութեան դարաշրջան» բանալու քաղաքականութիւն, եւ յառաջիկային այսպիսի՝ միասին սիրալիր լուսանկարուելու առիթներ շատ կրնան կրկնուիլ:

Մեզի համար սակայն ուղղակի զարմանք պատճառողը նոյն համաժողովի ծիրին մէջ Միրզոյեանի մէկ այլ հանդիպումն է՝ այս անգամ իր հունգարացի պաշտօնակից Փեթըր Սիյարթոյի հետ: Հանդիպումին մասին տարածուած կարճ լրատուութեան մէջ կը կարդանք, որ երկու կողմերն ալ անդրադարձած են հայ եւ հունգարացի ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական-մշակութային խոր կապերուն եւ ընդհանուր քրիստոնէական ժառանգութեան: Անոնք «ընդգծած են Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման կարեւորութիւնը: Նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ներկայ փուլին վերաբերեալ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են վերականգնելու լիարժէք դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ մտադրութիւն յայտնելով նոր էջ բանալ հայ-հունգարական յարաբերութիւններուն մէջ՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ միջազգային իրաւունքին նկատմամբ յարգանքի վրայ»:

Մինչեւ հոս շատ լաւ է՝ յաւուր պատշաճի դիւանագիտական շարադրանք, որ կը բխի երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անկեղծ մղումէն: Իսկ ո՞ր երկու երկիրները չեն ուզեր իրարու միջեւ հաստատել լաւագոյն յարաբերութիւնները փոխադարձ շահաւէտութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն հիման վրայ: Իսկ ինչո՞ւ համար է մեր զարմանքը այս հանդիպումէն: Որովհետեւ արեան կանչ մը կայ, որ տակաւին կը լսուի: Որովհետեւ արդարութիւն մը կայ, որ զոհաբերուած է Պաքուէն տրցակ մը նաւթատոլարներու դիմաց: Իսկ այդ արեան կանչը Հայոց բանակի երիտասարդ նահատակ սպաներէն Գուրգէն Մարգարեանի արեան կանչն է:

Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ մարդասպանը Ատրպէյճանին արտայանձնելու ոչ անմեղ որոշումին պատճառով էր, որ Հայաստան իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեց այդ երկրին հետ: Անկէ ի վեր պատճառները չեն վերացած Հայաստանի որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու առումով, այլ աւելի եւս կուտակուած են, աւելի եւս խորացած են, իսկ եթէ Արարատ Միրզոյեաններ կ՛անտեսեն արդարութեան կանչը, ապա պատմութիւնը չի կրնար անտեսել, որովհետեւ պատմութիւնը գերագոյն դատաւոր է: Գուրգէն Մարգարեանի արիւնը յումպէտս չէ հոսած: Արեան կանչը տակաւին կը լսուի եւ պիտի լսուի այնքան ատեն որ արդարութիւնը չէ հաստատուած…

Ժագ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031