Նորագոյն ազգային ‐ ազատագրական պայքարի ազատամարտիկ, նահատակ ընկեր Փիէր Կիւլիւմեանի աճիւնները՝ իր նահատակութենէն քառասուն տարիներ ետք, վերջապէս հանգրուանեցին Մայր Հայրենիք:
Ընկեր Փիէր Կիւլիւմեան՝ դժբախտ պատահարի հետեւանքով նահատակուած էր Փարիզի մէջ՝ 2 Օգոստոս 1982‐ին:
Մինչեւ իր նահատակութիւնը՝ ան եղած էր Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի Եւրոպայի տարածքի զինուորական պատասխանատուն եւ իր այդ հանգամանքով, ղեկավարած ու անձնապէս մասնակցած էր զինուորական բազում գործողութիւններուն:
Անոր աճիւններու վերադարձը ու հայրենի հողի հետ միաձուլումը կը խորհրդանշեն՝ ազգային անկորնչելի իրաւունքներու վերատիրացման համար ազատագրական պայքարի յարատեւման անկոտրում կամքը, եւ բռնագրաւուած հողերու ազատագրման ու Մայր Հայրենիքի միացման գաղափարի արդիականութիւնը ու անժամանցելիութիւնը:
Կարդացեք նաև
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք նահատակ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն, որոնք ազգային բարձր գիտակցութեամբ ընդառաջեցին մեր խնդրանքին, եւ ընթացք տուին աճիւններու տեղափոխման համար անհրաժեշտ իրաւաբանական փաստաթուղթերու ձեւաւորման գործին:
Մեր խորին երախտագիտութիւնը նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս օժանդակեցին, բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան եւ գործնականապէս սատարեցին՝ որպէսզի աճիւններու Մայր Հայրենիք վերադարձի գործընթացը ունենայ բարեյաջող աւարտ: Ընկերոջ աճիւններու վերայուղարկաւորման մանրամասնութիւններուն մասին, հանրութիւնը տեղեակ կը պահուի ատենին:
5 Դեկտեմբեր 2022
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Կեդրոնական Խորհուրդ (Վերակազմեալ)
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ