ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած Հայաստանին աջակցող եւ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող բանաձեւի կէտերը` յիշեցնելով, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատը` Ծերակոյտը իր կարգին 295 թեր քուէներով նոյնանման բանաձեւ մը որդեգրած էր:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ողջունեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրումը եւ ֆրանսական կառավարութեան կոչ ուղղեց` Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինին` ֆրանսացի ժողովուրդի ներկայացուցիչներու առաջարկներուն համահունչ քաղաքականութիւն կիրարկելու, ինչպէս նաեւ քաջալերելու միջազգային ընտանիքը իր օրինակին հետեւելու: