Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

«Որպեսզի Եռաբլուրը Ծիծեռնակաբերդ չդառնա». «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 26,2022 10:18

Հոկտեմբեր 30 2022-ը Արցախեան պայքարի տարեգրութեան մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը վերահաստատելու օր: Այդ օր շուրջ քառասուն հազար արցախցիներ համախմբուեցան Ստեփանակերտի մէջ եւ վերաշեշտեցին իրենց կառչածութիւնը 1988 թուականին ազգային վերազարթօնքի շարժումով հրապարակ նետուած սկզբունքներուն եւ գաղափարներուն նկատմամբ, որոնց գլխաւորներն են՝ ազգային ինքնորոշման իրաւունքը, պատմական անարդարութեան սրբագրութիւնը, հետեւաբար նաեւ՝ շրջանի հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան ընդգծումը:

Այդ հանրահաւաքէն անմիջապէս ետք էր, որ յաջակցութիւն Ստեփանակերտի մէջ համախմբուած արցախցիներուն եւ արցախեան քաղաքական միասնական կեցուածքին, Դիմադրութեան շարժումը որոշեց Նոյեմբերի 5-ին Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կազմակերպել հանրահաւաք, որ սկզբունքով պէտք էր ըլլար Ստեփանակերտի համախմբումին շարունակութիւնը իր պատգամներով եւ Արցախեան շարժումի սկզբունքներէն անշեղ մնալու իր շեշտադրումներով: Եւ թէեւ մեծաթիւ ներկայութիւն կար այս հանրահաւաքին, սակայն այս ներկայութիւնը չէր համապատասխաներ ակնկալութիւններուն:

Բայց երեւանեան այս հանրահաւաքին հետ կապուած յատուկ պահ մը կայ, որ մասնաւորաբար կ՛ուզենք յիշել, այդ ալ հանրահաւաքին ընթացքին Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի ելոյթն է: Նա մեր ապագայ պայքարին համար ուղենշային գաղափարներ արծարծեց իր ելոյթին մէջ: Այդ գաղափարներէն ամէնէն գլխաւորը այն է, որ մենք՝ իբրեւ հայութիւն, պէտք է այլեւս ներկայանանք մեր սեփական ազգային օրակարգով: Ըստ սրբազանին, ոչ թէ պէտք է հրաժարիլ բարեկամներ ունենալէ, այլ պէտք է հրաժարիլ մեր յոյսը միայն մեր բարեկամներուն վրայ դնելէ՝ աւելցնելով իրաւացիօրէն, որ ներկայիս քաղաքական շահերը եւ երկակի չափանիշները աւելի գերակշռող են դժբախտաբար, քան արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը, իսկ շատ յաճախ ներկայիս այդ քաղաքական շահերն են, որոնք միջազգային գետնի վրայ կ՛որոշեն, թէ ո՛վ իրաւունք ունի իրաւունք ունենալու: Ըստ այս բնորոշումին ուրեմն, հայութիւնը իրաւունք չունի իրաւունք ունենալու, մինչդեռ նոյնինքն հայութիւնն է, որ այդ իրաւունքը ունի, որովհետեւ ջուրէն աւելի արիւնով ոռոգուած է հայրենի հողը: Այս իսկ պատճառով այդ իրաւունքը անբեկանելի է: Արձագանգ հանդիսանալով Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն հնչած կանչին՝ Բագրատ սրբազանը նաեւ նշեց իր ելոյթին մէջ, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ թշնամական պետութիւններու կազմին մէջ:

Անցնող չորս տարիներուն ընթացքին, մանաւանդ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» անմիջապէս ետք, մեր հայրենիքին մէջ հետեւողական պայքար մղուեցաւ հայ ազգային եւ հոգեւոր արժէքներուն դէմ: Այս պայքարի առաջին թիրախներէն գլխաւորը Հայ առաքելական եկեղեցին էր՝ իբրեւ այդ արժէքներուն հիմնական կրողը: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ Բագրատ եպս. Գալստանեան իր ելոյթի եզրափակիչ բաժինով անդրադարձաւ հայ ազգային արժէքներուն դէմ շղթայազերծուած պայքարին՝ շեշտելով, որ քրիստոնէական սիրոյ եւ հաշտութեան գաղափարները ի վերջոյ պիտի յաղթանակեն: Սրբազանը այդ եզրափակիչ բաժինին մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Թող հնչեն յաղթանակի զանգերը, որպէսզի հայ մարդը երբեք չլքի իր տունը, հայ ծնողը արցունք չտեսնի, որպէսզի Եռաբլուրն անտէր ու անիմաստ չմնայ, որպէսզի Եռաբլուրը Ծիծեռնակաբերդ չդառնայ։ Ես հաւատում եմ, որ հոգեւոր Հայաստանը յաղթելու է նոր Հայաստանին, իրական հզօր Հայաստանը յաղթելու է կեղծ ու ֆէյսպուքեան Հայաստանին, տաճարը յաղթելու է փողոցին, ոգին յաղթելու է դուխին, հաշտութիւնն ու սէրը յաղթելու են ատելութեանն ու թշնամութեանը, եւ եռագոյնը յաղթելու է սեւ ու սպիտակին»։

Ժագ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930