Լրահոս
Մի կտրեք եղեւնի…
Օրվա լրահոսը

Տարիներէ ի վեր, Ատրպէյճան իր փեթրոտոլարները կը մսխէ քարոզչական նպատակներու համար. «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 17,2022 11:40

Տարիներէ ի վեր, Ատրպէյճան իր փեթրոտոլարները կը մսխէ լոպիինկի եւ քարոզչական նպատակներու համար:

Քարոզչական նոյն դիտաւորութեանց ծիրին մէջ, վերջերս, Նոյեմբեր 8-ին, Ատրպէյճանի դրօշը ծածանելով անկարգելորդ մը շրջած էր Պէյրութի վերեւ, նշելու համար Նոյեմբեր 8-ի յաղթանակն ու Ատրպէյճանի դրօշակի օրը․․․ անշուշտ «կոկիկ» գումար մը ստանալով։

Իսկ Լիբանանի հիւսիսային Աքքար շրջանի հեռաւոր Քաուշրա գիւղին մէջ, յուշարձան մը կանգնեցաւ «ի յիշատակ Ատրպէյճանի համար զոհուած նահատակներուն»։

Այդ գիւղը Սուրիոյ սահմանամերձ է եւ ունի շուրջ երկու հազար բնակիչ։ Անոնք մեծ մասամբ Թուրքիայէն եկած սիւնիի թուրքեր են, որոնց միացած են սիւննի թուրքմէններ։

Քիչ մը ետ երթանք: 2010-ին, երբ Էրտողան դեռ Թուրքիոյ վարչապետն էր եւ ամէն գնով նախագահ ըլլալու երազ կը հետապնդէր (աշուշտ նաեւ՝… սուլթան), այցելած էր այդ շրջանը՝ Լիբանանի հիւսիսային այլ շրջաններու կողքին: Եւ այդ օրերէն՝ շրջանին մէջ սկսած էին տարածուիլ համաթուրանական շարժումին «բոյրեր»-ը։

Քաուշրան աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հետեւողականօրէն օժանդակութիւն կը ստանայ Անգարայէն, թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ուսումնական մարզերուն մէջ։

Մարգարէ պէտք չէ ըլլալ, եզրակացնելու՝ թէ առիթը օգտագործելով, եւ համաթուրանական իրենց հորիզոններէն կնիք մը բերելով՝ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան «դասաւորում մը ըրին» եւ կանգնեցուցին այս յուշարձանը։ Յիշեցում մը. Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք, Թուրքիա շատ աւելի լայնածաւալ արշաւանքներով թափանցեց կեդրոնական ասիական երկիրներ:

Փակագիծ մը բանալով, կ’արժէ արձանագրել, թէ տասնեակ տարիներէ ի վեր, Իլհամ Ալիեւ, իր հօր՝ Հայտարի յիշատակին, բազմաթիւ մայրաքաղաքներու մէջ արձաններ կանգնեցնել տուած էր, սկսելով դրացի Թիֆլիսէն, մինչեւ Թաշքենտ, Ասթրախան, Քիեւ, Պուքրէշ, Պելկրատ եւ տակաւին՝․․․Մեքսիքօ Սիթի։ Կրնանք ենթադրել, որ Շուշին, Ստեփանակերտն ու Երեւանն ալ կ’ուզէ անցընել այդ ցանկին…

Լիբանանի մէջ կանգնած յուշարձանի պարագան կը տարբերի վերը նշուած արձանին պատմութենէն։ Թէեւ անիկա հեռաւոր եւ աննշան գիւղի մը մէջ տեղադրուած է, սակայն իր կառոյցով, գաղափարով եւ ժամանակի ընտրութեամբ լրջօրէն կը մտահոգէ հայորդին, որ այս տարի իւրայատուկ պայմաններու տակ կը տօնէ… Սփիւռքի տարին։

Իսկ Սփիւռքի տարիին մեկնարկը տրուած է նոյնինքն Լիբանանէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կոչով։

Մտահոգիչ եւ ձաղկելի է այն, որ պետական ներկայացուցիչներ ներկայ եղած են «ի յիշատակ Ատրպէյճանի համար զոհուած նահատակներուն» յուշարձանին բացման հանդիսութեան, հաւանաբար շօշափելի նիւթական «սրսկում» մը ստանալով։ Ձաղկելի՝ որովհետեւ յայտնապէս Լիբանանի մէջ ալ հասակ առած է (կամ՝ սնուցուած) սերունդ մը, որ մոռցած է, թէ այս փոքր երկրին ԲՈԼՈՐ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԷՆ՝ ԻՍԼԱՄ ԵՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ, բազմաթիւ նահատակներ ինկած են թրքական բռնադատութեանց հետեւանքով, մոռցած են, որ Պէյրութի կեդրոնական հրապարակը կը կոչուի ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՀՐԱՊԱՐԱԿ, ի յիշատակ այդ զոհերուն, մոռցած են կամ չեն ուզեր տեսնել, որ Թուրքիա մինչեւ այսօր ալ ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններ կը խաղայ Լիբանանի մէջ, թրքական դրօշներով ցոյցեր կը սարքուին առաւելաբար հիւսիսային աւաններու մէջ: Չանտեսենք սակայն, որ կայ դրական կէտ մը, որովհետեւ լիբանանցի կարգ մը ղեկավարներ չեն ծածկեր իրենց դժգոհութիւնը: Սպասելի է, որ Լիբանան եւս հետեւի Մեքսիքայի օրինակին:

Սփիւռքի տարուան ընթացքին ալ, թուրք-ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները պիտի շարունակուին։ Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի ատրպէյճանական համայնքը Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ «հակա-ատրպէյճանական բանաձեւ»-ի քննարկման օրը բողոքի ցոյց կատարեց: Վաւերացուած բանաձեւ մը, որ պարզ ու մեկին՝ կը դատապարտէ Հայաստանի վրայ Պաքուի զինեալ յարձակումը եւ երկրի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ պատժամիջոցներ որդեգրելու Ալիեւի վարչակազմի դէմ:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930