Ոեւէ մէկը անդրադարձա՞ւ (վստահաբար այո), որ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը՝ Նիկոլ Փաշինեան, Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբերի կառավարական նիստին, ճակատաբաց եւ յանդուգն մեղադրանքներ, ամբաստանութիւններ արձակեց… Նիկոլ Փաշինեանի դէմ:
Առաջին ակնարկով, մարդիկ ունեցան այն տպաւորութիւնը, թէ մարդուկին խելքը ի վերջոյ տուն եկած է, սկսած է տեսնել, թէ Ատրպէյճանը ինչպիսի՛ նպատակներ կը հետապնդէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւններուն ճամբով: Ու Փաշինեան գրեթէ բառացիօրէն հաստատեց ընդդիմադիրներուն, այսինքն՝ խելամիտ մարդոց այն հաստատումները, թէ Ալիեւի Ատրպէյճանը խաղաղասէր չէ, Ատրպէյճան դաւադիր խաղեր կը խաղայ, ՀՈՂ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ՆՈՐ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍԱՐՔԵԼՈՒ: Եթէ այս մեղադրանքներուն խորքը թափանցենք, Փաշինեան հաւասարապէս կ’ամբաստանէր նաեւ Թուրքիան, որովհետեւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ եզրը ի սկզբանէ մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնէ Թուրքիան:
Կրկնենք՝ առաջին ակնարկով, այնպէս կ’երեւի, թէ Փաշինեան յարած է ընդդիմադիրներուն՝ իր բառամթերքով՝ «նախկին-թալանչիներ»-ու տեսակէտին, թէ Ատրպէյճանի յետին նպատակը խաղաղութիւն չէ, այլ՝ նոր ցեղասպանութիւն (պահ մը մոռնանք, որ այսպէսով ան ասֆալթին կը փռէ նաեւ Լիպարիտեանի նման թրքամիտ «խաղաղասէրներ»-ու վարկածները, թէ՝ Հայաստան թուրքերուն հետ խաղաղ ապրած է, Թուրքիա նոր ցեղասպանութիւն կամ հայութեան բնաջնջումը չի հետապնդեր, կրնանք դուռները բանալ, պիզինես ընել եւ ուրախ-զուար ապրիլ, ինչպէս կ’ըսեն հեքիաթներու աւարտին):
Սակայն… ո՜չ. չաճապարենք մարդուկին խելքի գալուն յոյս կապելու մէջ, քանզի նոյն ճառը բացայայտ դարձուց, որ խելքը տուն կանչելու հարց չկայ (եթէ ուզենք կատակել՝ կրնանք հարց դնել, որ խելք ունեցո՛ղն է որ կրնայ յոյս ունենալ զայն տուն կանչելու մասին. իսկ մեր խօսքը՝ քաղաքական մտածողութիւն, հեռատեսութիւն, շրջահայեացութիւն եւ նման արժանիքներ ճառագայթող խելքի մասին է): Փաստօրէն, ան նուազագոյն նշոյլը ցոյց չտուաւ, թէ ի՞նչ կրնայ ընել՝ հակադարձելու համար Ալիեւի ժխտողականութեան, օրինակի համար յայտարարել, որ նման դիտաւորութիւններու ի տես եւ ի լուր (Ալիեւի վերջին սպառնալիքները եւ պահանջները տակաւին կ’արձագանգեն Արցախէն մինչեւ Հայաստան եւ սփիւռքեան ափեր), որոշած է բանակցութեան չնստիլ «արխատաշ»ին հետ, մինչեւ որ ան բարեշրջում չբերէ իր վարմունքին մէջ, սկսելու համար՝ արտօնէ, որ վերջին յարձակումին հետեւանքով ինկած զոհերուն մարմինները դուրս բերուին բախումներու դաշտէն, որոնք կը մնան ազերիական ուժերու հսկողութեան տակ, այնպէս՝ ինչպէս Սեւանէն մինչեւ Տաւուշ ու Ջերմուկէն մինչեւ Սիւնիք կը մնան ազերիական ուժերու քմահաճոյքին ենթակայ-պատանդի վիճակի մէջ: Իսկ նահատակներու «ազատագրումը» միայն առաջին շօշափելի քայլ մը պիտի ըլլայ, որմէ ետք, կայ երկար ճամբայ:
Կարդացեք նաև
Կրկնենք. ազերիներէն նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքին մասին Փաշինեանի տեղին եւ արդար ախտաճանաչումները, Ալիեւի ու հովանաւորին՝ Թուրքիոյ ուղղուած ամբաստանութիւններ չէին լոկ (ոեւէ հայ պիտի ձայնակցի այս ամբաստանութեանց), այլ խոստովանութիւն, թէ՝ իր ուղին ձախողութիւններու շարք մըն էր: Եւ ինչպէս որ օր մը ան Ազգային ժողովի ամպիոնէն բառախաղեր ըրաւ՝ ինքզինք մեղաւոր-պատասխանատու նկատելու-չնկատելու մասին, հիմա ալ, երբ բաց ճակատով կ’ամբաստանէ ինքզինք՝ պէտք է կրէ պատասխանատուութեան բեռը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: