Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գինեձօններով ինքնապաշտպանութեան դիրքերը չեն ամրանար, իսկական ճարտարապետներ պէտք են: Ինչո՞ւ Սփիւռքը քաղաքական ազդակ չէ. «Հայրենիք»

Նոյեմբեր 12,2022 10:30

Հակառակ անոր որ հայկական սփիւռքը ծնունդն է քաղաքական բազմապատիկ դաւադրութիւններու եւ քաղաքական կապակցուած զոյգ ոճիրներու, ան քաղաքական ազդակ չէ: Համայնքային ինքնահաստատման իրարանցումները իրա՛ւ ազգային հեռանկարը աղօտած են: Չենք յաջողած հայրենահանուածի իրաւունքի հիման վրայ սփիւռքը քաղաքական ազդակ դարձնել: Մասնակիի ճահճացման մէջ մնացած ենք:

Ցեղասպանութիւն եւ հայրենահանում միջազգային քաղաքական դաշտին մէջ իսկական օրակարգ չեն եղած:

Մխիթարուած ենք անհետեւանք ցեղասպանութեան ճանաչումներով, որոնք մնացած են անորոշ ուրուագծումներով բարոյականի եւ բարեսիրականի քաղաքականի հետ չառնչուող անհետեւանք ճառերու միգամածին մէջ:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Սփիւռք(ներ)ը գաղթականութիւն է, տեսակ մը մխիթարութիւն է ըսել համայնք, որ բազմաթիւ է, բազմանկարագիր, որ ամէն օր կամայ-ակամայ կը հեռանայ ծագման ազգային արմատներէն շրջապատներու անհակակշռելի ազդեցութիւններու ենթակայ ըլալով, որքան ալ անոնց դէմ թումբ ուզէ կանգնել, համայնքը, ուզելով գործել որպէս ազգային: Համայնքը հոն ուր կը գտնուի, կրնայ քաղաքականալ, բայց այդ քաղաքականացումը համայնքային է, տեղական է, մասնակի՝ հայ ազգային հիմնականին յարաբերաբար: Տեղական օրակարգը կը փոխարինէ ազգային օրակարգը, հետեւելով ջոջական իշխանատենչական տեղայնական փառասիրութիւններու եւ կոտորակման առաջնորդող մրցակցութիւններու: Ինքնախաբէութիւն է խորհիլ եւ ենթադրել, որ սփիւռքներ)ի բնակավայրերը հայրենահանուածներու գաղթականութեան համար հայրենիքը կը փոխարինեն:

Պատահա՞ծ է որ ցեղասպանութեան ճանաչումներուն մասին որպէս հիմնաւորում խօսուի ցեղասպանութեան քաղաքական իսկական պատճառի մասին: Ցեղասպանութեան ճանաչումները երբեք չհիմնուեցան հիմնական քաղաքական ազդակին վրայ: Մնացին բարոյական, բարեսիրական եւ այլազան պատճառներով «համայնքներ»-ու հանդէպ հաճոյակատարական անհասցէ աղմկարարութեան մէջ:

«Ճանաչումներ»-ը ի՞նչ բերին ազգին եւ անոր Դատին:

Ճանաչումները քաղաքականապէս իմաստաւորուած կ’ըլլային, եթէ որպէս նախադրեալ ընդունուած ըլլար պարզ հարցում մը. ԻՆՉՈ՞Ւ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ: Պատասխանը պարզ է. Հողի համար: Մինչեւ այն ատեն որ հայերը կայսրութեան միլլէթներէն մէկն էին, հպատակ էին, առանց ինքնավարութեան, անկախութեան եւ սեփական հայրենիքի պահանջի, հանդուրժուած էին, կայսրութեան լաւ կը ծառայէին: Երբ ինքնավարութիւն պահանջեցին, ուզեցին ունենալ ազատ հայրենիք, որ կը նշանակէր Հայաստան տարածքը անջատել Օսմանի եւ թուրքի կայսրութենէն, թուրք ղեկավարութիւնը դիմեց արմատական լուծման. բնաջնջել տարածքի իրաւ տէրերը, պահելու համար հողը: Ճանաչումները երբեք չխօսեցան ցեղասպանութեան հիմնական այս պատճառի մասին: Այդ ճանաչումներու պահանջի նախադրեալներուն մէջ ՀՈՂԸ, ժողովուրդի մը բռնագրաւուած հայրենիքը բացակայեցաւ: Այսօր ալ ոչ ոք կ’ուզէ խօսիլ այս հիմնական պատճառի մասին: Միթէ՞ մենք պահանջեցինք որ խօսուի այդ մասին: Բայց մխիթարական պարգեւի նմանող ճանաչումները յաղթանակ համարեցինք, յուզուեցանք եւ կը յուզուինք: Յետո՞յ…

Սփիւռքը, որուն վրայ գումարուեցաւ խորհրդային կամ ներկայ հանրապետութեան հայութիւնը, հանդէս չեկաւ Հայաստան-հողի պահանջով: Այդ պահանջով եթէ խօսէր Սփիւռքը, խօսած ըլլար, իր նախաձեռնութիւնները կ’ունենային քաղաքական նկարագիր: Խորհրդային Հայաստանը այդ ընելու ազատութիւն չունէր, նոյնիսկ եթէ երբեմն կը յիշէր եւ կը յիշեցնէր, բայց այդ տեղ չունէր խորհրդային մեծպետական հետաքրքրութիւններուն մէջ: Վերանկախացումէն ետք է միայն, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը յայտնուեցաւ հողային հարցին դիմաց, որ կ’ենթադրէր Հայաստան-հողի կորուստներու դարմանումը: Այդ Հողը Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած էր: Եւ եղաւ կրկին պատերազմ, հողի համար եղած էր ցեղասպանութիւն, եւ եղաւ ցեղասպանութիւն, այս անգամ ըսին՝ փոկրոմներ, Չըսին, որ ինչպէս անցեալին, նոյն քաղաքական միտքով Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, հայ ժողովուրդին դէմ պատերազմեցան եւ կը պատերազմին:

Սփիւռքը որպէս բռնագրաւուած հայենիքի տէր, քաղաքական ազդակ չեղաւ, եւ պիտի չըլլայ մինչեւ այն ատեն որ հանդէս չգայ որպէս իրաւատէր եւ հայրենատէր, չստեղծէ հայրենատէր ժողովուրդի անունով խօսող եւ հաւաքական կամք արտայայտող ժողովուրդ, յառաջացնելով ներկայացուցչութիւն, որ լիազօրուած կ’ըլլայ բռնագրաւուած հայրենիք ունեցող եւ հայրենահանուած ժողովուրդի անունով, քաղաքական խօսքով եւ պահանջով հրապարակ գալու: Այսպէս կ’ըլլայ հայրենահանուած եւ սփիւռքացած ժողովուրդի քաղաքականացումը, որ վերապրումի թափահարումներէն տարբեր որակ է: Այսինքն hայրենահանուածի ազգային դատը պէտք չէ բանտարկել գաղթականին հոգեկան բաւարարութիւն տուող հետեւանք եւ վաղորդայն չունեցող «յաջողութիւններով», որոնք կը ծառայեն ինքնամխիթարութիւններու:

Պէտք է իրատես ըլլալ եւ համոզուիլ, որ ինչպէս Խորհրդային Հայաստանի, այնպէս ալ ներկայի հանրապետութեան կառավարութիւնները չեն եղած, չեն ուզած եւ լիազօրութիւն ալ չեն ունեցած ամենայն հայոց կառավարութիւն ըլլալու: Ազգայինքաղաքականութիւնը, Սփիւռք(ներ)ի պարագային, պէտք չէ շփոթել համայնքային կազմակերպութեան եւ ձուլման դէմ այլապէս կարեւոր պայքարին հետ: Ազգային քաղաքականութիւնը կ’ենթադրէ առաջադրանք եւ ծրագրում ինչ կը վերաբերի ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան, որ այսօր քաղաքական եւ միջազգային իրաւական դաշտի մէջ չկայ: Աւելի պարզ. ո՞ր քաղաքական ներկայացուցչութիւնը միջազգային բեմի վրայ կը հետապնդէ բռնագրաւուած Հայաստանի տարածքի վերադարձը անոր տէր ժողովուրդին եւ անոր հոն ապրելու իրաւունքը:

Ինչպէ՞ս սկսիլ եւ շարունակել ապագայի մեծ պայքարը: Արշաւը: Ինչո՞ւ այս մասին չխօսիլ մեր ժողովուրդին, տարբերութիւնները եւ ազգը կրծած եւ կրծող եսերուն դէմ ապագայատես պայքար մղելով: Պիտի կարենա՞նք ստեղծել կեդրոնական առաջնորդող ուժը, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եւ դիրքի համար, այլ ամբողջական ըմբռնումով՝ ազգի իրաւունք հայրենիքի: Այլապէս պատմութիւնը պիտի արձանագրէ որ եղած է հայրենիք ունեցող ազգ մը, որ իր հայրենիքին հետ կուլ գացած է ժամանակի անորոշութեան մէջ, անկարող եղած ըլլալով ինքզինք պահել:

Ինչպէ՞ս պիտի կոչուին անհայրենիք եւ անհող մնացած հայերը: Կուշտ ըլլալ անհատին կեանքին համար է: Ինչպէ՞ս հայը հայը հայ պիտի մնայ առանց իր հողին, ուր ինք նախնիներու եւ անոնց ստեղծած մշակոյթին շարունակողը պէտք է ըլլար, որպէսզի ինք ինք ըլլար:

Ինչո՞ւ չստեղծել հայապատկան հայաշխարհի ազատագրութեան շարժում, ոչ թէ այսօրուան համար, այլ՝ գալիքի եւ սերունդներու:

Այսօր Սփիւռքը քաղաքական ազդակ չէ:

Հայրենահանուած եւ բռնագրաւուած հայրենիք ունեցող ազգին համար, որպէսզի չանհետանայ, կենսական է ազգին հեռանակարի իրակականացման նպատակով, Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի քաղաքականացումը:

Օրինակ, եթէ սկսէինք մեր անմիջական հասողութեան տակ եղող հայերէնի հարազատութեան վերականգնումով հայախօսութեան եւ հայերէնագրութեան տարածումով, որպէս միացման շաղախ եւ երկարաշունչ պայքարի համար անհրաժեշտ ինքնութեան կերտող: Ինչո՞ւ հանրապետութեան մէջ չստեղծել պայմանները սփիւռքի քաղաքական ներկայութեան եւ, դերին, չգոհանալով անկէ սպասուող կառքի հինգերորդ անիւի դերով:

Այս քաղաքականացումը դասական դարձած ուժերու եւ անոնց մրցակցութեան կամ գործակցութեան դաշտը պէտք չէ ըլլայ:

Անհրաժեշտ է ստեղծել ազգի իմացական ուժերու հիման վրայ իսկական հարազատ առաջնորդութիւն, առանց սպասելու դիպուածը կամ հրաշքը: Մտաւորականութիւնը կարող պիտի ըլլայ պատասխանատուութեան եւ յանձնառութեան գիտակցութիւնը հասցնելու իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ՝ վասն հայրենիքի եւ ազգի:

Իւրաքանչիւր հայու՝ Հանրապետութեան, բռնագրաւուած տարածքներու եւ սփիւռքի:

Կը յաջողի՞նք, ձերբազատուիլ, բուժուիլ ջոջական, տեղայնական եւ թաղային քաղքենիացած հեղինկութիւններու անհեռանկար եւ շահախնդրուած երեւելիապաշտական ապազգայնացման ամլացման ախտէն, ընդգրկուելու համար ճշմարիտ ազատագրական պայքարին մէջ, հրաժարելով կիսամիջոցներու առթած ինքնագոհութենէն։

Մի՛շտ ներսը եւ դուրսը:

Գործելով եւ նախաձեռնելով այն պայծառատեսութեամբ՝ որ վաղը միշտ ուշ է:

Այս քաղաքական միտքով առաջնորդուող ղեկավարումի կարիք ունինք, ոչ թէ յարաճուն թիւով գետին թոփող եւ մոլորակը չափող-չափչփող ինքնագոհ բազմերանգ փողկապաւորներու: Այս՝ Հանրապետութիւն, Եւրոպաներ, Ամերիկաներ Արեւելք:

Աղմուկով, աղմկարարութեամբ եւ գինեձօններով ինքնապաշտպանութեան դիրքերը չեն ամրանար: Այդ դիրքերը կառուցող եւամրացնող ամրացնող իսկական ճարտարապետներ պէտք են:

Նաեւ զանգուաւծի գիտակցութիւն, որ ճիշդ ընտրէ ճարտարապետը եւ անոր հետեւի:

Յ. Պալեան

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930