Նիկոլ Փաշինեան Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց, որ ռուսերը բանակցութիւններուն ընթացքին շեշտած են, թէ ըստ իրենց, ճիշդ մօտեցումը Արցախի կարգավիճակի հարցին յետաձգումն է, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ առարկայականօրէն ոչ մէկ հնարաւորութիւն կայ՝ գտնելու այնպիսի կարգավիճակ մը, որ ընդունելի կ՛ըլլայ կողմերէն։ Այսինքն՝ պաշտօնական Պաքու կտրականապէս կը մերժէ քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին գոյութիւնը։
Իսկ երբ նկատի կ՛ունենանք Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան երկարաձգման մասին հայկական կողմին առաջարկը մերժուեցաւ, պատկերը առաւել յստակ կը դառնայ, թէ Արցախ կը գտնուի չափազանց վտանգաւոր գօտիի մը մէջ, ուր արցախցիին՝ իբրեւ ժողովուրդ ինքնորոշման իրաւունքը ոչ մէկ ձեւով նկատի կ՛առնուի միջազգային ընտանիքին կողմէ։ Այս իրողութիւնը հայկական ճակատը դէմ յանդիման կը դնէ դառն իրողութիւններու, ուր կշիռը կը թեքի ուժի եւ ոչ թէ արդարութեան կողմը։
Հայաստանի պետութիւնը այլեւս երաշխաւորը չէ Արցախի եւ արցախցիներուն ապահովութեան եւ գոյութեան։ Ասիկա առաւել քան յստակացաւ, երբ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սամուէլ Պապայեան, մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով, զգուշացուց, թէ առանց ռուսական խաղաղապահ ուժերուն, Արցախը գոյութիւն չ՛ունենար։ Պապայեանի այս հաստատումը կը նշանակէ, որ արցախցիներուն գոյութեան եւ Արցախի ինքնիշխան տարածքներուն ապահովութեան երաշխաւորը ոչ թէ Հայաստանի պետութիւնը, այլ ռուսական խաղաղապահ ուժերն են։ Մոսկուա այս իրականութիւնը շատ լաւ գիտէ եւ զայն կը դիտէ հարաւային կովկասեան իր ընդհանուր դերակատարութեան ծիրին մէջ։ Հայկական կողմը այս տուեալին վրայ առաւելաբար պէտք է սեւեռէ իր ուշադրութիւնը, որպէսզի Արցախը փրկուի հայաթափումէ, որովհետեւ ատրպէյճանական որոշ կեցուածքներ Արցախի գոյութեան սպառնալիքին թարգմանն են։ Առաջինը կը վերաբերի նոյնինքն ռուսական խաղաղապահ ուժերուն,որոնց առաքելութեան երկարաձգման համար հայկական առաջարկը մերժուեցաւ Ալիեւի կողմէ։ Երկրորդ սպառնալիքը կ՛առնչուի ատրպէյճանական կեցուածքին, որուն մասին խօսեցաւ Փութին, երբ կենսական համարեց Ատրպէյճան-Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ Արցախի մասին նշումին, որ սակայն անկարելի է, եթէ Ատրպէյճան համաձայն չգտնուի։ Իսկ երրորդը կը վերաբերի Ալիեւի կեցուածքին, որ հակառակ Փութինի պնդումներուն, շեշտեց, որ այլեւս Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: