Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան ուղղակիօրէն վերաբերող բաժինները պէտք է լուսարձակի տակ առնել` արժեւորելու համար նախասոչի կատարուած յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահին կողմէ եւ անոնց կիրարկելիութեան հաւանականութիւնը:
Պարզ է, որ հիմնական տեղաշարժ չկայ այսօրուան կացութեան մէջ: Նորութիւնը այն է, որ Ռուսիոյ աջակցութեամբ պիտի ձեռնարկուին հասարակական եւ կրօնական մակարդակներու վրայ երկխօսութեան գործընթացներ: Այլապէս, ամբողջ յայտարարութեան առանցքային բաժինը` Ռուսիոյ միջնորդութիւնն է, երաշխաւորութիւնը եւ երկու կողմերուն կատարած ընդգծումները` ռուսական աջակցութիւններն ու խաղաղապահ առաքելութիւնը կարեւոր նկատելու առումով: Սոչին ուրեմն ոչ թէ հիմնական տեղաշարժ ապահովելու ուղղուած է, որքան ռուսական տիրոյթի բացարձակութիւնը յայտարարելու:
Սոչիէն անմիջականօրէն առաջ նախագահ Փութինի հրապարակումը ուաշինկթընեան եւ ռուսական նախագիծերու մասին նոյն մղումը ունէր: Հայկական կողմին ուղղուած հռետորական հարցումը, որ եթէ հայկական կողմը պատրաստ է ազրպէյճանական գերիշխանութեան տակ ընդունելու Արցախը ուաշինկթընեան նախագիծով, ապա Մոսկուան որեւէ բան չի կրնար պարտադրել, դարձեալ նոյն հանգոյցին կը վերաբերի:
Փրակայի յայտարարութեան նման այստեղ եւս կը բացակայի Արցախի հարցը: Ընդհանուր յայտարարը տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի իրաւադրոյթն է` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի համապատասխան յղումներով:
Աշխարհաքաղաքական այս մրցապայքարին մէջ Երեւանը պիտի նկատէ անպայման`
1.- Իրանի վճռական դիրքորոշումը իր ու Հայաստանի սահմանի կարգավիճակին մասին եւ Սիւնիքի մէջ իրանեան հիւպատոսարանի բացումը:
2.- Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգման միտող Մոսկուայի նկրտումները եւ այդ առումով Արցախի կարգավիճակի ճշդումի յետաձգման հաւանականութիւնը:
3.- Տարածաշրջան ներթափանցման համար հաւաքական Արեւմուտքի դիւանագիտական, միջնորդական առաքելութիւններու աշխուժացումը, պետական սահմաններուն ազրպէյճանական յարձակումներու կանխարգիլումը առաջադրող պաշտօնական յայտարարութիւններն ու անոնց հետեւող դիտորդական, փաստահաւաքի կամ կարիքներու գնահատման տարազներով առաքելութիւններու ժամանումը սահմանագիծ:
4.- Ազրպէյճանի կիրարկած ռազմական յանցագործութիւններու բարձրաձայնումը Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ եւրոպական կարեւորագոյն կեդրոններու կողմէ:
Մեզմէ անկախ, ներգրաւուած ենք միջնորդական հակամարտութեան գործընթացին: Հայկական կողմը, այս համապատկերին մէջ, իւրաքանչիւր գլխաւոր խաղցողի հետ իր շահերը համընկնեցնելու հրատապ օրակարգին առջեւ կանգնած է: Հրամայական է նրբագոյն դիւանագիտութեան կատարողականութիւնը:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: