Հոկտեմբեր 28-ին, երեւանի մէջ սկիզբ առաւ Համաշխարհային հայկական առաջին գագաթնաժողովը, որուն հրաժարած են մասնակցիլ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը։
Ժողովի նախորդող ամիսներուն, իշխանութեանց կողմէ կը շեփորահարուէր, որ գագաթնաժողովը՝ որպէս նոր ձեւաչափ եւ հարթակ, սփիւռքի ներկայացուցիչներու եւ հայրենի գործընկերներու համար հնարաւորութիւն է՝ քննարկելու համընդհանուր նշանակութեան մարտահրաւէրներն ու խնդիրները ու պետութեան անվտանգութիւնը։ Ի՞նչպիսի ազգային անվտանգութեան հարցեր պիտի քննարկուին, երբ ժողովի օրակարգէն գրեթէ բացակայ է հայութեան այսօրուան գոյատեւելիութեան գլխաւոր հիմնախնդիրը՝ Արցախը։ Ժողովի 8 հաւաքական քննարկումներու եւ 18 յաջորդական յատուկ նիստերու ծրագրին մէջ անգոյ է Արցախը, անյիշողութեան մատնուած է Հայոց Արեւելից Կողմանց դարպասը պաշտպանող պատմական նահանգը։
Այս իշխանութեան օրերուն, իրողապէս եւ փաստացիօրէն ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կատարուեցաւ Հայաստան-Սփիւռք միասնական քաղաքական օրակարգի եւ ազգային համատեղ մարտավարութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Մէկ խօսքով, անցնող չորս տարիներուն՝ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը մնացին զէրօ կէտի վրայ։
Եւ այսպէս, ցոյց տալու համար, թէ 7 միլիոն հայ հաշուող Սփիւքին հետ յարաբերութիւնները իսկապէս բնականոն զարգացման ընթացքի մէջ են, կը կազմակերպուի «Համահայկական գագաթնաժողով» կոչուող այս տօնահանդէսը, երբ նոյն օրերուն Արցախը իր ճակատագրին, գոյութեան եւ ինքնորոշման համար Ստեփանակերտի վերածննունդի հրապարակին վրայ հանրահաւաք կը կատարէ, երբ Արցախը շնչահեղձ է։
Կարդացեք նաև
Վարչապետին «Գագաթնաժողով»ի ընթացքին բացման խօսքին մէջ՝ Արցախի մասին առնուազն կամ գէթ երկու յիշատակում կատարելն իսկ զլացուած է։ 587 բառ ընդգրկող վարչապետի ուղերձին մէջ Արցախ բառը նշուած է մէկ անգամ, այդ ալ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահի տիտղոսանուանումը նշելու ժամանակ՝ «Արցախի մեծարգոյ նախագահ»։
Մէ՛կ բան յստակ է, որ այս իշխանութեանց օրակարգէն դուրս մղուած է Արցախի հիմնախնդիրը՝ հայութեան գոյապայքարի անփոխարինելի կռուանը։
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովը, համախորհուրդ սփիւռքի մէջ գործող տարածաշրջանային յանձնախումբերուն հետ՝ 2015 թուականի յունուարին կը հրապարակէր Համահայկական հռչակագիրը, որուն մէջ յստակօրէն կոչ կ՚ուղղուէր «գալիք սերունդներին` պաշտպան կանգնել հայրենի սրբազան ժառանգութեանը, աննահանջ պայքարով ծառայել յանուն`առաւել հզօր Հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան, անկախ Արցախի առաջընթացի ու զօրացման, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման, համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակների իրականացման»:
Այդ յայտարարութենէն 5 տարի ետք, Արցախի առաջընթացի ու հզօրացման գծով, աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման առնչութեամբ, գործող իշխանութիւններու միակ աւանդը եղան անձնատուութիւնը, դաւադրութիւնը, պարտութիւնն ու պառակտումը։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրականում: