«Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ը տեղի կ՛ունենայ ներհայկական բաւական փոթորկալի մթնոլորտի մէջ, երբ ներհասարակական մակարդակի վրայ, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, զգալի է պառակտումի եւ երկփեղկումի խորացումը: Պառակտում եւ երկփեղկում, որոնք հետեւանք են նախ իշխանութիւններուն սնուցած սեւի ու սպիտակի, հինի ու նորի՝ մարդիկը իրարմէ վանող թոյնին: Անոնք հետեւանք են նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն որդեգրած՝ այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան դարաշրջան»-ի քաղաքական գիծին նկատմամբ անվստահութեան եւ հակազդեցութեան: «Սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութեան» մեկնարկէն աւելի քան չորս տարի ետք ահաւասիկ մենք դժբախտաբար կը տեսնենք, որ հասարակական, ժողովրդային մակարդակի վրայ սիրոյ եւ համերաշխութեան քրիստոնէական վեհ սկզբունքներուն փոխարէն աւելի եւս խորացած են ներքին ատելութիւնը, թշնամանքը, պառակտումը եւ երկփեղկումը:
Արժէքներու համընդհանուր նահանջի այդ մթնոլորտին մէջ զարմանալի պիտի չթուէր երբեք, որ հայոց զոյգ կաթողիկոսութիւնները՝ Ս. Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, յանձինս անոնց վեհափառ հայրապետներուն՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի, իրենց վերապահութիւնը յայտնէին այս «գագաթնաժողով»-ին մասնակցելու առումով: Այս նախաձեռնութեան պիտի չմասնակցի նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ ամբողջ սփիւռքի մէջ գործող անոր ուղեկից կազմակերպութիւնները՝ իրենց ունեցած կշիռով:
Այս հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչները նմանօրինակ անդիմագիծ նախաձեռնութեան մասնակցին, որպէսզի ի՞նչ ընեն, ծափահարեն իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու ելոյթներո՞ւն, թէ նայեցէ՛ք, երկրին տնտեսութիւնը երկնիշ աճ կ՛արձանագրէ, երկիրը ժողովրդավարական եւ տնտեսական ազատութիւններու դրախտի կը վերածուի, ուստի նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուին սփիւռքահայ ներդրումները ներգրաւելու համար: Ասոնք բոլորը շատ լաւ եւ ողջունելի բաներ են, բայց Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դիմագրաւած ներկայ իրական մարտահրաւէրներէն շատ հեռու են: Այսօր Հայոց աշխարհը եւ հայութիւնը կը դիմագրաւեն գոյութենական, ըլլալու կամ չըլլալու մարտահրաւէրներ: Արցախը մեծապէս վիրաւոր է, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանները՝ խախտուած: Թէ այս բոլոր մարտահրաւէրները, գոյութենական հարցերը ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարէ հայութիւնը, ահաւասիկ այս նիւթը պէտք էր ըլլար Հայաստան-սփիւռք որեւէ խորհրդաժողովի կամ «գագաթնաժողով»-ի քննարկելիքը այս չորս օրերու ընթացքին եւ ոչ թէ ուրիշ բան: Մանաւանդ որ յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի, որ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձ Նիկոլ Փաշինեանը յանձնուողական նոր փաստաթուղթ ստորագրէ Ատրպէյճանի հետ:
Դժբախտաբար մենք կը տեսնենք, որ «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի այս նախաձեռնութիւնը սփիւռքի հսկայական ներուժը պառակտելու քայլ է: Այս ներուժը եթէ լաւ օգտագործուի, համազգային նոր վերելքի մը, նոր զարթօնքի մը սկիզբը կրնայ դնել: Բայց ներկայ իշխանութիւնները բաւական հեռու են համահայկականօրէն մտածելէ…
Կարդացեք նաև
Ժագ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում