Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ կը շարունակուին ակնարկութիւնները «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին, տրամաբանութեամբ մը, որ աւելի կը յիշեցնէ ճնշումներու տակ միջանցք մը կորզելու ոճը. «Հայրենիք»

Հոկտեմբեր 24,2022 10:45

Մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ առիթ չեն փախցներ յիշեցնելու եւ վերյիշեցնելու Զանգեզուրեան միջանցքի մը մասին վերացական յանձնառութեան մը մասին, կ՛արժէ շեշտել Ռուսիոյ փոխ վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի քսանինը Սեպտեմբերին կատարած չափազանց կարեւոր յայտարարութիւնը, թէ արտատարածքային միջանցքներու մասին խօսք չկայ։ Ըստ Օվերչուքի, եռակողմ, այսինքն՝ հայ, ատրպէյճանցի եւ ռուս փոխ վարչապետերու գլխաւորած աշխատանքային խումբերուն քննարկումներուն ընթացքին մշակուած է սկզբունք, թէ «ճանապարհին հսկողութիւնը եւ գերիշխանութիւնը կը պատկանի այն կողմին, որուն հողերէն կ՛անցնի տուեալ ճանապարհը»։

Ռուսիոյ փոխ վարչապետին ձեւակերպումը շատ յստակ է։ Բայց պէտք է շեշտել նաեւ, որ ինը Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, որուն տակ նաեւ ստորագրած է Ատրպէյճանի նախագահը, յստակօրէն կը նշուի Լաչինի միջանցքը, որ պիտի գործէ միջանցքային տրամաբանութեամբ։ Ինչպէս Փաշինեան շեշտեց, այլ միջանցքի մասին խօսք իսկ չկայ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի երեք անցակէտերուն, որոնց մասին հայկական կողմը նշած է, որ կրնայ բանալ, որպէսզի ցամաքային ուղղակի կապ հաստատուի Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, Պաքուի եւ Անգարայի կողմէ յստակ է, որ մերժուած է, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պատասխանատուներուն կողմէ կը շարունակուին ակնարկութիւնները «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին, տրամաբանութեամբ մը, որ աւելի կը յիշեցնէ ճնշումներու տակ միջանցք մը կորզելու ոճը։

Այս կեցուածքներուն եւ պնդումներուն զուգահեռ, բաւական նշանակալից է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտիւլլահիանի շեշտադրումը, որ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային վէճին։ «Իրան երբեք թոյլ պիտի չտայ, որպէսզի արգելափակուի Հայաստանի հետ հաղորդակցութեան իր ուղին։ Այդ նպատակին հասնելու համար ալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը նաեւ ռազմափորձեր սկսաւ այդ շրջանին մէջ», յայտարարեց Իրանի դիւանագիտութեան պետը, ներկայացնելով Իրանի նախագահին պաշտօնավարութեան մէկ տարուան ընթացքին Թեհրանի արտաքին քաղաքականութեան դրոյթները։ Տեղին է նշել, որ իրանեան ուժեր լայնածիր ռազմափորձեր կատարեցին Ատրպէյճանի հետ սահմանակից շրջաններուն մէջ, Արաքս գետի շրջակայքը։ Ռազմափորձերուն մասնակցեցան Յեղափոխութեան Պահակագունդի ցամաքային ուժերը, որոնք գործածեցին պատերազմական ուղղաթիռներ եւ անօդաչու սարքեր։

Կասկած չկայ, որ Իրան մտավախութիւններ չունի Հայաստանի հետ իր ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող սահմանին վերաբերեալ։ Հայկական դիւանագիտութեան համար իրանեան այս մտավախութիւնը մեծ առաւել մըն է։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31