Ինչպէ՞ս որակել Էդգար Ղազարեանի խոշտանգումը, օր ցերեկով, Երեւանի մէջ:
Կասկած պէտք չէ ունենալ, որ դուռ-դրացիի միջեւ պատահած վէճի հետեւանք-արդիւնք չէ դէպքը: Էդգար Ղազարեանի հետ հաշուեյարդար չեն ըրած դրամական-առեւտրական տարակարծութիւն մը բիրտ ձեւով լուծելու համար: Երանի հետաքննութիւնը նման պատճառ մը գտնէ, որպէսզի ոչ ոք կարենայ ըսել, թէ քաղաքական պատճառով եւ ֆաշիստական եղանակով լռեցնել ուզած են Էդգար Ղազարեանը: Ֆաշիստի գործելու ոճ է մարդու իրաւունքի եւ, խօսքի ազատութեան դէմ անպատիժ յարձակիլ, խախտել ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններու հիմնական դրոյթները:
Էդգար Ղազարեանը ծեծի չեն ենթարկած յանկարծ բռնկած տարակարծութեան մը շիկացած մթնոլորտին մէջ: Հետեւած են: Անհատի գործ չէ եղած խոշտանգումը: Կազմակերպուած քաղաքական ահաբեկչութիւն է:
Իշխանութիւնները քննադատող Էդգար Ղազարեանը ենթարկուած է կազմակերպուած ոճրային նախայարձակման: Միթէ՞ այս թաւշեայ յեղափոխութամբ ժողովրդավարութիւն նուաճած ըլլալու հպարտութիւն ունեցող երկրի մը եւ անոր իշխանութեան բարենիշ տալու եղանա՞կ է, բռունցքի եւ ոտքի հարուածներով երկխօսութի՞ւն, քաղաքացիին խօսքի ազատութիւնը յարգելու եղանա՞կ: Վաղը պէտք չէ զամանալ, եթէ Ժան-Փոլ Սարթրի խօսքով, գտնուինք անհակակշռելի եւ անննախատեսելի հետեւանքներով արարքներու առջեւ, քանի որ «բռնութիւնը միշտ արտայայտութիւնն է հակաբռնութեան մը, այսինքն՝ հակազդեցութիւն միւսին բռնութեան»: Մտահոգուի՞լ, թէ՞ չմտահոգուիլ, որ, բռնարարքներու կրկնութիւնը եւ նոյնատեսակ հակազդեցութիւնները արդէն թշնամիի կրկնուող նախայարձակումներու ենթակայ երկիրը եւ ժողովուրդը կը նետեն սադայէլի շրջանակին մէջ: Ո՞վ ի՞նչ պիտի շահի: Ներքնապէս տկարացող եւ տկարացած երկրի մը դէմ թշնամին պիտի շահի:Ապահովաբար ազգը եւ երկիրը պիտի չշահին:
Եթէ արդէն թշնամին չէ շահած:
Եթէ ուզած են զայն լռեցնել, ուզած են լռեցնել իրատեսութիւնը, հիմնաւոր քննադատութիւնը: Արդ հարց է, թէ ո՞վ եւ որոնք ինչո՞ւ ուզած են լռեցնել, ի՞նչ շահ ապահովելու կամ ի՞նչ բանէ վախնալով:
Հայաստանի պետական-քաղաքական-արդարատական համակարգը հարցականի տակ է՞, պէտք է ըլլայ Էդգար Ղազարեանի դէմ գործուած բռնարարքի հետեւանքով: Միջազգային հանրութեան որպէս ժողովրդավարական երկիր ներկայացող պետութիւնը սկզբունքային հարկադրանքի տակ կը գտնուի առանց սեթեւեթի բացայայտելու բռնարարքը կատարողները եւ անոնց ետին գտնուողները, այլապէս միջազգային հանրային կարծիքը, առաւել՝ ներսի եւ դուրսի հայ հանրային կարծիքը կը յանգին այն եզրակացութեան, որ ստեղծուած է բռնութեան եւ անպատժելիութեան դրութիւն: Եւ չարութիւն չէ հարց տալ, թէ ո՞ւր կ’երթայ Հանրապետութիւնը:
Այս կացութեան մէջ ինչպէ՞ս ներազգային միութիւն պիտի ստեղծուի: Յայտարարութիւնները, ջոջական ընդունելութիւնները եւ համացանցը ողողող ինքնագոհական լուսանկարները չեն ամրացներ ներքին ճակատը, երաշխիք չեն արդարութեան եւ օրէնքի յարգանքի:
Մանաւանդ՝ պետութեան վարկին եւ գոյութեան:
Չեմ գիտեր թէ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն Հանրապետութիւնը, անոր Ազգային Ժողովը եւ Դատարանը, բայց ես ինծի թոյլ կու տամ ըսելու, որ առանց անհորիզոն եւ փուչիկ հայրենասիրական զգացականութեան ետին թաքնուելու, հայկական սփիւռքները ազգային եւ հեռանկարային միասնական կեցուածք ցուցաբերելով, քաջութեամբ պէտք է պահանջեն բռնարարքի հեղինակները, դրդապատճառները, եւ անոնց ետին կանգնողները բացայայտել, եթէ կան:
Բռնարարքը Էդգար Ղազարեանի դէմ անձի դէմ գործուած ոճիր է, միաժամանակ՝ քաղաքական ոճիր: Սփիւռք(ներ)ը եթէ լուռ հանդիսատես մնայ, կը դառնայ մեղսակից երկրին, անոր սահմանադրութեան դէմ գործուող նախայարձակումներուն, բռնարարքներուն եւ անոնց ազգավնաս հետեւանքներուն:
Ինչ որ կատարուած է ի միջի այլոց միջադէպ չէ : Քաղաքական ոճիր է, նոյնիսկ եթէ մահ չկայ եւ կրնար ըլլալ: Ուստի ըստ այնմ պէտք է հետապնդուի:
Եթէ արդարադատութիւնը պատշաճը չտնօրինէ, ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, որ այդ բնոյթի արարքներ պիտի չկրկնուին: Նաեւ՝ երկրէն դուրս:
Ի՞նչ ընել, որպէսզի լսենք եւ լսուի Կանտիի իմաստութիւնը, որ «Բռնութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը հաւասար է պարտութեան, քանի որ ան ժամանակաւոր է:»:
Տարբեր մտածողը ծեծի ենթարկել կամ զայն լռեցնելու փորձ ընել ո՞ր յաղթանակին կրնայ առաջնորդել եւ ի՞նչ ընելու համար:
Եթէ Էդգար Ղազարեանի դէմ գործուած քաղաքական բռնարարքը չբացայայտուի եւ չարժանանայ համապատասխան վերաբերումի, մարգարէ ըլլալու կարիք չկայ երեւակայելու անոր ներազգային եւ միջազգային հետեւանքները:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: