Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան վերջին յայտարարութիւնը անորոշութեան բաժին ունի երեւութապէս:
Ըստ պաշտօնական Պաքուի, Երեւանը պէտք է հրաժարի Զանգեզուրի միջանցքին հետ կապուած պատճառաբանութիւններէն եւ պէտք է դադրեցնէ խուսափիլը 2020 թուականի նոյեմբերին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան մէջ ամրագրուած իր պարտաւորութիւններէն:
Անորոշութիւնը կամ հակասութիւնը, որ այստեղ կ՛երեւի, այն է, որ միջանցքի պարտաւորութեան մասին կը խօսուի եւ յղում կը կատարուի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան, ուր միջանցք եզրը չէ օգտագործուած: Խօսքը հաղորդուղիներու ապաշրջափակման մասին է: Պաքուն դիտաւորեալ այդ ամրագրուած բաժինը կ՛ուզէ ընկալել իբրեւ միջանցք: Հակասութիւնը երեւութական է, օգտագործուած խօսոյթը խիստ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ:
9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ Լաչինի միջանցքի մասին 6-րդ կէտով նշուած է: Մինչդեռ 9-րդ կէտին մէջ կը խօսուի հաղորդակցային ուղիներու բացման մասին:
Կարդացեք նաև
6-րդ կէտով ամրագրուած Լաչինի միջանցքի կարգավիճակ. Կողմերուն միջեւ համաձայնեցմամբ` յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին պիտի սահմանուի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը` այդ երթուղիի պահպանութեան նպատակով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետագայ վերատեղակայմամբ:
Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով տեղաշարժի անվտանգութիւնը:
9-րդ կէտով ամրագրուած` Նախիջեւանը Ազրպէյճանին միացնող ճանապարհի կարգավիճակ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութեան անվտանգութիւնը` քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կ՛իրականացնեն Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:
6-րդ կէտին մէջ Ազրպէյճանը կ՛երաշխաւորէ միջանցքով երկու ուղղութեամբ տեղաշարժուելու անվտանգութիւնը` ռուսական զօրամասի վերատեղակայմամբ. իսկ 9-րդով` Հայաստանը կ՛երաշխաւորէ ռուսական սահմանապահ զօրքերու վերահսկողութեամբ:
Անգարայի ցուցադրած համահաւասարեցման այս խաղը թափանցիկ է. հետեւաբար` խաբուսիկ:
Էական խնդիրը այլ է. զուգահեռ ընթացող խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումի պարագային կը շրջուի ամէն ինչ: Կ՛իմաստազրկուի Լաչինի միջանցքը, եւ թուրանական կամուրջը աշխատած կ՛ըլլայ: Ծուղակը այստեղ է: Անցքը ստանալ, ապա սահմանազատել- սահմանագծել եւ փոխադարձաբար ճանչնալ տալ տարածքային ամբողջականութիւնները:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այսօրվա համարում: