Միջազգային հանրային կարծիքը եւ զայն լուսաբանելու կոչուած լրատուամիջոցները, մեծ եւ պզտիկ թերթեր, ձայնասփիւռները հեռատեսիլի կայաններ, կամաւոր կուրութեան յառաջացուցած անգիտակցութեամբ գոհացածի եւ շահախնդրուածի վերաբերում ունին Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան սպառնացող վտանգին դիմաց: Ինչպէս արդէն պատմութեան շահ-վնասի տոմարին մէջ արձանագրած եւ մոռցած են բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը եւ անոր հայրենահանուած ժողովուրդը: Երբեմն կը յիշեն, բայց ընդհանրապէս ան որպէս մանրուք նկատի կ’առնուի, քանի որ մարդիկ, ժողովուրդներ եւ պետութիւններ անհանգստացնող ազդակ չեն: Հայաստանէն մնացած բեկոր Հանրապետութեան դէմ կրկնուող նախայարձակումները ընթացիկ գործ են միջազգային լրատուութեան համար, հարց չեն, ցնցող չեն, զիրենք չեն անհանգստացներ: Եթէ յոռեգոյնը պատահի անգամ, այդ ալ կը դառնայ լրատուութիւն եւ յաջորդ օրը կը մոռցուի, կը սպասուին կամ կը տրուին նոր եւ աւելի ուշագրաւ համարուած կամ կարեւոր լուրեր:
Մեծերու համար լրացուցիչ կամ մանրուք են Հայաստանը, հայութիւնը եւ հանրապետութիւնը, շահագրգռութիւններ ունենալու համար պատճառներ չկան, չունին:
Եթէ միջազգային հանրային կարծիքը, եւ իրենք իրենց ամենագիտութեան վկայական եւ իրաւունք շնորհած անմիջական եւ ցնցող լուրերու հետամուտ լրատուամիջոցները պահ մը կանգ առնէին եւ հարց տային, թէ ի՞նչ կ’ուզէ Թուրքիան, աւելի ճիշդ՝ ի՞նչ է թուրք քաղաքականութեան գաղափարաբանութիւնը, այլ որակ կու տային իրենց թուղթ մրոտելու եւ եթերին մէջ աղմկելու արհեստին, եթէ հարց տային, թէ ինչպէ՞ս գործած են եւ ինչպէ՞ս կը գործեն, ո՞ւր հասնելու համար: Ճիշդ տեսնելու եւ ճիշդ մտածելու եւ լուսաբանելու համար, միջազգային լրատուամիջոցները, որոնք կը գործեն պետութիւններու շրջագիծին մէջ, թեր կամ դէմ, կ’ազդեն քաղաքական կողմնորոշումներու եւ ընտրանքներու վրայ, բայց իրենց չսպառնացող վտանգներէն անդին չեն նայիր: Այդ վտանգները այսօր կրնան իրենց չբռնանալ, բայց վաղը, նկատի ունենալով որ աշխարհ պզտիկցած է, վտանգները կրնան բազմապատկուիլ եւ ընդհանրանալ, հասնիլ նաեւ իրենց:
Այսօր, լրատուամիջոցները, անոնց հունով՝ պետութիւնները, կը խօսին Ազրպէյճանի Հայաստանի դէմ սանձազերծած նախայարձակման մասին, երբեմն ալ հարց կու տա՞ն, թէ ո՞վ է նախայարձակը եւ ո՞վ է տուժողը, եւ ի՞նչ է հետապնդուած նպատակը: Կը Խօսին, յաճախ պատկերներով՝ տպաւորելու համար: Բայց լրատուամիջոցները ակադեմիա չեն, բանտուած են անմիջականի եւ արագի մէջ, գերին են ընթերցողի համրանքին, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի պարագային՝ «օտիմաթ»ի, բայց նաեւ անոնց՝ որոնց նիւթական նեցուկով կը գործեն:
Կարդացեք նաև
Լրատուամիջոցները եթէ պատմական քարտէսներու վրայ փնտռէին «Ատրպէյճան» անունով «տարածք մը, իրենք զիրենք կը լուսաբանէին եւ ճիշդ կը խօսէին, նուազ կը սխալէին իրենց քայլերուն վրայ՝ քաղաքական մեծ եւ պզտիկ մարդիկ, որոշողներ:
Այդ քարտէսներուն վրայ անոնք պիտի գտնէին «Արմենիա», ոչ Ատրպէյճան, ո՛չ իսկ Թուրքիա»… եւ հարց տային թէ ի՞նչ պատահած է, ինչպէ՞ս եկուոր ներխուժողը, անտառի օրէնքով իրաւազրկած է բնիկը: Եւ ինչպէ՞ս եկուորներ անարգել կը շարունակեն նոյն ուղիին վրայ, քաղաքակիրթ համարուածներ, արդարութիւն եւ իրաւունք յանկերգող ժողովուրդներ, անոնց ղեկավարները, լիահագագ աղմկարարներու «հաւասարութիւն» եւ այլ գեղահունչ բառեր հոլովողները եւ անոնցմով գինովցողները, որոնք կը տեսնեն, գիտեն, բայց ոչինչ կ’ընեն, չեն ուզեր ընել, իրենց հանգիստը չխռովելու մսկոտութեամբ:
Բայց «անտառի օրէնք»ը ճամբու այս կամ այն կէտին վրայ կանգ չ’առներ, անտառին մէջ ցանկապատ չկայ: Իրենք ալ օր մը պիտի գըտնուին, կրնան գտնուիլ, այդ անտառին մէջ, որուն անունը պիտի ըլլայ քաղաքակրթութիւններու, մշակոյթներու եւ կրօններու պատերազմ, որ պիտի ըլլայ հետեւանքը անմիջականի շահախնդրութիւններու եւ քաղաքական-ղեկավարական ապիկարութիւններու:
Եթէ իրատեսութեան հրաշքով մը, այսօր ուրիշներու պարտադրուած անարդարութիւններուն եւ ոճիրներուն հանդուրժողներ, կրկին հարց տային, թէ ինչո՞ւ նացիները պատերազմիկ դարձան եւ յարձակեցան ուրիշ ժողովուրդներու եւ անոնց հայրենիքներուն վրայ, աւեր գործած հոգեկան ախտերը կը հասկնային… Թերեւս չէին կրկներ, աւելի ճիշդ՝ թոյլ չէին տար որ անոնք կրկնուին, նախայարձակ եւ զոհ չէին շփոթեր, իրենք իրենց կը յուշէին տափակութեամբ կրկնուող այն իրաւ-կեղծ իմաստութիւնը, որ կառավարել նախատեսել է:
Պիտի հասկնային… որ պատերազմներ կը շղթայազերծուին, նպատակ ունենալով կենսատարածքի ընդլայնումը: Անցեալի եւ ներկայի ծաւալապաշտները, կրօնամոլները, ցեղապաշտները այդպէս յայտնուած են եւ այդպէս ալ աւեր գործած: Միշտ պէտք է յիշել երկու աշխարհամարտերու դրդապատճառները եւ միլիոնաւոր զոհերը, անտառի օրէնքն անգամ երբեւիցէ այդքան կեանքեր չէր խլած։ Այդ էր նացիականութեան գաղափարական տրամաբանութիւնը, այդ էր երէկ եւ է այսօր բոլոր ծաւալապաշտներու, իշխանատենչներու եւ տիրակալներու կիրքի մղիչ ուժը:
Ծաւալապաշտին արդարացման նպատակը պարզ էր եւ է. բնիկի կենսատարածքին տէր դառնալ: Այսինքն բնիկը զրկել ապրելու իրաւունքէ: Այդ նպատակին հասնելու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն չկայ, մանաւանդ որ մարդկութիւնը, իմաստութիւն համարած է մոռնալ չարիքները եւ չարութիւնը, միշտ շահադիտութեամբ եւ վատութեամբ: Ատոլֆ Հիթլէր շնական (ցինիկ) իմաստութեամբ ըսած էր, երբ իր մահասփիւռ զօրասիւնները կ’արձակէր Լեհաստանի վրայ, որ «այսօր ո՞վ կը յիշէ հայոց ջարդերը»: Այն ատեն ցեղասպանութիւն եզրը գոյութիւն չունէր: Ազգերու Լիկան եւ անոր հռչակաւոր Սեւրի դաշնագիրը արդարահատոյց չեղան եւ ցեղասպանութիւնը կրկնուեցաւ: Հայաստանի եւ հայութեան դէմ կրնայ նոյն ոճիրը կրկնուիլ…
Արիստոտէլի իմաստութիւնը պէտք է յիշել, ըստ որուն սովորութիւնը երկրորդ բնութիւն է… Այս մասին ինչպէ՞ս չմտածել, երբ երկու տարբեր անուններով նոյն եկուորները կրկին կը խուժեն հայուն բնակած տարածքը, որ հինգհազարամեայ ժողովուրդի մը հայրենիքն է: Եւ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը, անիրատեսութեամբ ամլացած, իմաստունի իրաւարարութեան Թարանթելլա կը պարէ:
Մենք սովորութիւն ունինք յուզուելու «ցեղասպանութեան ճանաչում»ներով, որոնք հոգեհանգիստի եկողներու ցաւակցական վերաբերում են: Մեծ եւ պզտիկ երկիրներու ճանաչումները անբովանդակ եւ յաւուր պատշաճի անսկիզբ եւ անհետեւանք ցաւակցական խօսքեր են, երբ չեն հիմնաւորուիր պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ…
Ինչո՞ւ այսօր Ատրպէյճան, իր երէց եղբօր օրինակով, եւ անվերապահ օժանդակութեամբ, կը յարձակի Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ եւ ինքզինքին թոյլ կու տայ ոճիրներ գործել: Պատասխանը պարզ է. ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ: Ան կ’առաջնորդուի պատմութենէն իր ստացած անպատժելիութեան դասով, անպատժելիութեան նախընթացի բարոյականի ուսուցումով: Ճշմարիտ բարոյականութեան տրամաբանութեամբ, Ճանաչումները արդարութիւն չեն հաստատած եւ չեն հաստատեր, իրաւունք չեն վերականգներ, խօսքի աճպարարութիւն են… միամիտները ոտքի կանգնած քնացնելու համար: Թէեւ անոնք ալ կը սիրեն ոտքի քնանալ:
Եւրոմիութեան ղեկավարները, Ամերիկայի Պետքարտուղարը, Ֆրանսայի նախագահը, նաեւ Վլատիմիր Փութին, յստակ պատկերացում ունի՞ն, թէ Հայաստանէն ի՞նչ կը պահանջեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը : Կրնա՞ն չունենալ : Մեր բազմագոյն ղեկավարութիւնները եւ պետութիւնը մեր ժողովուրդին ըսա՞ծ են, թէ հա-մագումար, ի՞նչ կը պահանջեն նախայարձակները եւ ինչո՞ւ կը յարձակին: Եւ ի՞նչ է նախայարձակներու յետին միտքը: Երբ օր մը վտանգը կանգնի Մեծերու դարպասին առջեւ, անոնք ինչպիսի ճապկումներով պիտի արդարանան իրենց ժողովուրդներուն եւ պատմութեան առջեւ:
Հայաստան գիտէ՞ այդ պահանջներու տարողութինը եւ սահմանը:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: