Ճիշդ է, որ թէ՛ հայ եւ թէ՛ թուրք բանագնացները՝ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըճը, իրենց հանդիպումներէն առաջ եւ ետք կը յայտարարէին, որ հայեւթուրք բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու պէտք է կատարուին եւ կը կատարուին, Փրակայի մէջ կայացած Փաշինեան- Էրտողան հանդիպումէն ետք։ Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց ,որ Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բացուի,Ատրպէյճան- Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագրին կնքումէն անմիջապէս ետք։ Այսպիսով Էրտողան յստակօրէն սեղանի վրայ դրաւ Թուրքիոյ նախապայմանը։
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակ է 1993էն ի վեր։ Թուրքիա միշտ նոյն նախապայմանը ունի եւ Փրակայի հանդիպումէն ետք ալ, այդ նախապայմանին մասին Էրտողան բացէ ի բաց խօսեցաւ։ Երբ բարելաւուին հայեւատրպէյճանական յարաբերութիւնները եւ ստորագրուի Հայաստան – Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը, ապա Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բանայ։ Այս բովանդակութեան մէջ կը տեղաւորուի Արցախի տագնապը։ Տեղին է նշել, որ Յուլիս 1-ին Վիեննայի մէջ Ռուբինեան – Քըլըճ չորրորդ հանդիպումէն ետք յայտարարուեցաւ, որ նախնական համաձայնութիւն գոյացած է Հայաստան – Թուրքիա սահմանը բանալու այլ պետութիւններու քաղաքացիներու դիմաց։ Այսինքն ամերիկահայ մը կամ քանատահայ մը «Թըրքիշ էրլայզ»-ի կամ այլ ընկերութեան մը օդանաւով կրնայ Թուրքիայէն Հայաստան մուտք գործել, որովհետեւ թուրքերը իրենց սահմանը բաց պիտի պահեն երրորդ պետութեան մը քաղաքացիներուն դիմաց, որոնք Թուրքիայէն Հայաստան կ՛ուզեն մուտք գործել։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ, որ Լիբանանեան հպատակութիւն ունեցող քաղաքացի մըն ալ նախ կրնայ Թուրքիա ճամբորդել, ապա կամ ցամաքի կամ օդային ճամբով Հայաստան մտնել։ Թուրքերուն այս որոշումը անշուշտ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման դիտաւորութիւն մը ըլլալէ աւելի տնտեսական իր կարեւոր երեսը ունի, նկատի ունենալով, որ ցամաքային կամ օդային ճամբով Թուրքիայէն Հայաստան ճամբորդելու ծրագիրը շահաբեր է թրքական ճամբորդական ընկերութիւններու համար։ Հոս պէտք է շեշտը դնել ցամաքային ուղեւորութեան ապահովութեան նպատակով թրքական կողմին որոշումին վրայ։ Ասիկա կը վերաբերի ականազերծման աշխատանքներուն, որոնց մասին լրատուութիւնը տրուեցաւ «Կազեթա Կարս» օրաթերթին կողմէ, որ Յուլիս 12-ի իր թիւով տեղեկացուց, որ քսան օր առաջ, այսինքն Ռուբինեան – Քըլըճ չորրորդ հանդիպումէն եօթը կամ ութ օր առաջ ընթացք առած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն մէջ ականազերծման աշխատանքները՝ իսրայէլեան ընկերութեան մը կողմէ։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: