Ճիշդ է, որ թէ՛ հայ եւ թէ՛ թուրք բանագնացները՝ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըճը, իրենց հանդիպումներէն առաջ եւ ետք կը յայտարարէին, որ հայեւթուրք բանակցութիւնները առանց նախապայմաններու պէտք է կատարուին եւ կը կատարուին, Փրակայի մէջ կայացած Փաշինեան- Էրտողան հանդիպումէն ետք։ Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով՝ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց ,որ Հայաստանի հետ սահմանը պիտի բացուի,Ատրպէյճան- Հայաստան խաղաղութեան համաձայնագրին կնքումէն անմիջապէս ետք։ Այսպիսով Էրտողան յստակօրէն սեղանի վրայ դրաւ Թուրքիոյ նախապայմանը։
Ներկայիս Թուրքիոյ գլխաւոր եւ յստակ նախապայմանը կը վերաբերի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի մը կնքման, որպէսզի վերաբացուի թուրքեւհայաստանեան սահմանը։ Ասիկա առաջին նախապայմանն է։ Տակաւին կան շատ աւելի ծանր եւ վտանգաւոր նախապայմանները, որոնք եթէ այսօր չեն յայտարարուած, չի նշանակեր, որ ժամանակի ընթացքին պիտի չներկայացուին։ Անոնց շարքին է Սփիւռքը, սփիւռքեան լոպիինկի աշխատանքները, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հայութեան իրաւունքներու արդար հատուցման հարցերը։ Այս նախապայմանները սեղանին վրայ դնելու մասին ակնարկութիւններ՝ թէեւ ոչ ուղղակի, եղան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի կողմէ, որ մէկէ աւելի հարցազրոյցներու ընթացքին խօսեցաւ սփիւռքեան ծայրայեղական հոսանքներու արգելքներուն եւ խոչընդոտներուն մասին։ Իսկ շատ յստակ է, որ թուրքերուն համար սփիւռքեան ծայրայեղական հոսանքները որոնք են։ Անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներու թէ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի տարածքին լոպիինկի աշխատանքներ կը կազմակերպեն, Հայ Դատի հարցերով կը զբաղին, հայութեան իրաւունքներու եւ հատուցման խնդիրներուն հետապնդումը մնայուն օրակարգի վերածած են։ Այլ խօսքով Սփիւռքի տարածքին գործող բոլոր այն կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ միաւորները, որոնց միակ նպատակը Հայութեան արդար իրաւունքներուն ապահովումն է։
Ա.Ա.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում