Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանը չի կրնար հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորի իր յանձնառութենէն, որովհետեւ նման քայլ՝ իր իսկ գոյատեւելիութեան սպառնացող խնդիր է. «Հորիզոն»

Հոկտեմբեր 12,2022 12:15

Իշխանութեան ղեկին կանգնած ՔՊ-ի 2021 թուականի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական ծրագրին մէջ յստակօրէն գրուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակելու է լինել Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան երաշխաւորը եւ շարունակելու է աշխատել Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Խորացնելու ենք համագործակցութիւնը Արցախի հետ անվտանգային եւ ռազմական ոլորտներում: Մենք գործոն օժանդակութիւն ենք ցուցաբերելու Արցախին՝ Պաշտպանութեան բանակի վերակառուցման ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման գործընթացում»:

Պարզ եւ յստակ է, որ իշխանութեան տիրանալէ մէկ տարի անց, Արցախի հանդէպ իրենց յանձնառութիւններէն հրաժարելով, ՔՊ իշխանութիւնները ոչ միայն կը փաստեն, որ խոստմնադրուժ են, այլեւ՝ ամբողջ չորս տարի սուտերու, դաւերու ու խաբեբայութեանց յորձանուտին մէջ քանդած են պետականութեան հիմքերը։

Խոստումը դրժելու քաղաքական ստորնացման վերջին այս երեւոյթը ՔՊ-ի կենսագրութեան մէջ առաջինը չէ եւ ոչ ալ վերջինը, սակայն այս հանգրուանին նման վտանգաւոր յայտարարութեամբ հանդէս գալու նախաձեռնութիւնը բազմաթիւ հարցականներու դուռ կը բանայ։ Հարց կը ծագի, որ այս իշխանութիւնները յառաջիկային կարողութիւնը եւ «ռեսուրսները» ունի՞ն պաշտպանելու Սեւանի արեւելեան ափամերձ տարածքները, Ջերմուկը, Վարդենիսը, Կապանը…

Արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու իրենց անկարողութիւնը յայտարարելու նախօրեակին, արդէն իշխանամէտ մամուլին կողմէ շրջագայութեան մէջ դրուեցաւ «Հաւաստի աղբիւրներ»է քաղուած անձնատուութեան ճանապարհային նոր քարտէս մը, ընդ որում, յատկանշական է Պաքուի ներկայացուցած պահանջքներէն երկուքը՝ Արցախի պաշտպանութեան բանակի լուծարումն ու Արցախի ներառումը Ատրպէյճանի կազմին մէջ՝ առանց ինքնավար կարգավիճակի:

Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին, ինքնապաշտպանական ուժերու վերակազմաւորմամբ, 1992 թուականէն ի վեր գործող Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակը, 30 տարիէ ի վեր ստանձնած է Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը երաշխաւորելու պարտականութիւնը եւ այդ առաքելութիւնը կատարած է պատուով ու սխրանքներով լի պատմագրութեամբ։ Պաշտպանութեան բանակի կազմաքանդումը՝ Արցախը կը զրկէ իր ապահովութեան ամէնէն վստահելի ապաւէնէն։

Այս իշխանութիւնները Հայաստանի եւ հայութեան համար նման դառնաղէտ ճակատագիր տնօրինելու իրաւունք չունին։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորի իր յանձնառութենէն, որովհետեւ նման քայլ՝ իր իսկ գոյատեւելիութեան սպառնացող խնդիր է։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրականում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2022
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31